50 Տարի Առաջ (18 Ապրիլ 1964)

Հռչակաւոր Հայեր Ամերիկայի Մէջ

Հայ Ուսուցիչ Մը
Կրթական Նոր Եղանակներ Կը Փորձէ

Արա Քարաքաշեան, Մասաչուսեց նահանգի Ռիտինկ քաղաքի Մեմորիըլ հայ սքուլի տնօրէնը, հաւատք ունի ներկայ ուսանողութեան ապագային նկատմամբ: Սակայն ան դէմ է համաձեւութեան եւ կը հաւատայ, որ ուսանողները պէտք է կրթական նոր ձեւեր պրպտեն ուսանողական իրենց ասպարէզի ընթացքին:

Ա. Քարաքաշեանի հայրը ամասիացի է, իսկ մայրը` պոլսեցի:

Իր տնօրէնութեան շրջանին Ա. Քարաքաշեան սկսած էր այնպիսի նորութիւններ ներմուծել, որ եթէ չըսենք սկզբնական շրջանին ահազանգի վիճակի մէջ դրած էր ծնողները, ուսուցիչներն ու ուսանողները, կրնանք հաստատել, որ անակնկալի բերած էր զանոնք: Յամենայն դէպս ժամանակի ընթացքին այս նորութիւնները արժանացան ընդհանուրին հաւանութեան, եւ շատեր որդեգրեցին նորութիւնը:

Ամէնէն առաջ ան ընտրեց 12 առաջնակարգ աշակերտներ` ճիւնիըր եւ սինիըր դասարաններէն եւ յայտարարեց, որ անոնք ազատ են կարգ մը դասերու մէջ դասարան մտնելու կամ չմտնելու: Ուսանողները յանկարծակիի եկած էին:

«Պէտք էր, որ քաջալերէի զիրենք, որպէսզի աւելի յանդուգն կերպով օգտուէին այս առանձնաշնորհումէն», կը վերյիշէ տնօրէնը:
Սակայն «Քարաքաշեան կրթական ազատութեան ծրագիրը» ինչպէս որ կոչուեցաւ, Մեմորիըլ հայ սքուլին մէջ ունէր իր ապահով ներքին կանոնագրութիւնը:

Թիւերու կարեւոր անկումի մը պիտի հետեւէր անմիջապէս առկախումը առանձնաշնորհումներուն, որոնք նախապէս շահուած էին կրթական յաջողութիւններով:

Ամէն բանէ առաջ, կը բացատրէ Ա. Քարաքաշեան, «մենք կ՛ուզենք գիտակցութիւն տալ կարող աշակերտներուն: Եւ երկրորդ` կը փափաքինք սինիըրի եւ ճիւնիըրի աշակերտները վարժեցնել աւելի ետք գալիք համալսարանական դրութեան»:

1964 յունուարի երկրորդ կէսէն ի վեր, մօտաւորապէս մէկ ամսուան համար որպէս այցելու հիւր ունէր Իրանի Թաւրիզ քաղաքէն հրաւիրուած երկրորդական վարժարանի ուսուցիչ մը: Մոհամետ Ալ Փէյկամ Ամերիկա հրաւիրուած էր հինգ ամսուան համար Ֆուլպրայթ հիմնարկութեան կողմէ:

Խօսելով պարսիկ ուսուցիչի դպրոցէն ներս ունեցած գործունէութեան մասին, ուր ան դասաւանդած է քանի մը շաբթուան համար բնագիտութիւն եւ գիտութիւն, Ա. Քարաքաշեան յայտարարեց.
«Իսկական հաճոյք մըն էր աշխատանքը Փէյկամիի հետ, եւ իր այցելութիւնը մեծապէս նպաստեց երկու կողմերուն: Ան շատ ժողովրդականութիւն շահեցաւ աշակերտներուն մօտ, որոնք հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրին պարսկական կեանքի մասին իր նկարագրութիւնները»:

Կրթութիւնը միշտ եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ իր սիրելի գործը, կ՛ըսէ Ա. Քարաքաշեան: Ան ծնած է Մասաչուսեցի Սթոն Համ քաղաքը եւ իր կրթութիւնը ստացած է հանրային վարժարաններէ ներս: Աւարտած է Մէյն նահանգի Պրիւնգուիր քաղաքի Պոտոսէն քոլեճը եւ կրթական մասնագիտութիւնը ըրած է Հարվըրտ համալսարանին մէջ: Ան մտաւ Մեմորիըլ հայ սքուլ 1954-ին եւ վեց տարի որպէս փոխ տնօրէն ծառայելէ ետք, 1960-ին նշանակուեցաւ տնօրէն:

Ուսանողական շրջանին Ա. Քարաքաշեան եղած է աշխուժ աշակերտ մը, դասերուն եւ թէ մարզական խաղերուն մէջ: Ան պէյզպոլի խումբի պետը եղած է թէ՛ Սթոն համի հայ սքուլին մէջ եւ թէ՛ Պոտուէն հայ սքուլին մէջ:

«Այժմ ուրախ եմ վայելելով մարզական խաղերու հաճոյքը որպէս դիտող եւ երբեմն ալ պարտէզիս մշակութեամբ զբաղելով», կ՛ըսէ ան:

Ա. Քարաքաշեան, իր կինը` Կլորիան եւ երկու զաւակները կը բնակին Ռիտինկ քաղաքին մէջ: Որդին Գրիգոր, Մեմորիլը Հայսքուլի մէջ սոֆոմորի ուսանող է, իսկ Մարշա` 14 տարու դուստրը, յառաջիկայ եղանակին պիտի մտնէ հայսքուլ:

Մուսա Լերան Ուսումնասիրաց
Միութեան Ընդհ. Ժողովը

Մուսա լերան ուսումնասիրաց միութեան Ժ. ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 5 ապրիլ 1964, կիրակի երեկոյեան ժամը 4-ին, Դրատի ՀՅԴ ակումբին մէջ, ներկայութեամբ անդամներու մեծամասնութեան: Դիւանի նախագահ ընտրուեցաւ Գ. Նգրուրեան, իսկ քարտուղար Յ. Քէշիշեան:

Կարդացուեցան վարչութեան միամեայ գործունէութեան բարոյական նիւթական տեղեկագիրները, որոնց մէջ յստակ կերպով կը պատկերացուէր միութեան զոհաբերութեան ազնիւ ոգին, որ լայնօէն սատարած է իրապէս չքաւոր սան-սանուհիներու, ինչպէս նաեւ հայրենակիցներու որպէս սպեղանի անոնց ծով կարիքներուն: Առաւել գնահատանք մը, ծրագրած ու անխոնջ աշխատանք տարած է հետագային հրատարակուելիք «Մուսա լերան յուշամատեան»-ին:

Գնահատանքի բանաձեւէն ետք ընտրուեցաւ ինը հոգինոց վարչութիւն մը հետեւեալ անձնակազմով.
Մովսէս Ճէրէճեան` նախագահ, Ստեփան Տուտագլեան` փոխ նախագահ, Փանոս Զէյթլեան գանձապահ, Քնարիկ Ֆուճուրեան` քարտուղար: Իբրեւ խորհրդական` Յ. Քէշիշեան, Ե. Իզմիրլեան, Ս. Ապպէսեան, Մ. Արիստակէզեան եւ Ն. Իզմիրլեան:

Ընդհ. ժողովը որոշ թելադրանքներ եւ բարեմաղթութիւններ ընելէ ետք նորընտիր վարչութեան, խանդավառութեամբ կը ցրուի ժամը 7:00-ին:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES