Արուեստի Աշխարհէն. Թեւերը Լայն Բացած

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985xt10ՊՐԱԶԻԼԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՐՁԱՆԸ ՈՄԱՆՑ ՀԱՄԱՐ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ Է, ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ` ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐ ՆԵՐԳՐԱՒՈՂ ԱՆԴԻՄԱԴՐԵԼԻ ԿԱՌՈՅՑ: ԱՆՈՐ ՊԱՏԿԵՐԸ ԾԱՆՕԹ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ, ՍԱԿԱՅՆ ՔԻՉԵՐ ԳԻՏԵՆ ԻՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ «ԽՐԻՍԹՕ ՌԵՏԵՆԹՈՐ»-Ի: ՄԻՆՉ ԿԱՅԾԱԿՆԵՐԸ ԱՆԽՆԱՅ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՆ ԶԱՅՆ, «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՀԻՒՍԷ ԱՐՁԱՆԻՆ ԿԵՐՏՈՒՄԻՆ, ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՄԱՅՔԻՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ:

Մօտէն Դիտուած

985xtԳաղտնի դուռ մը կը բացուի Քրիստոսի աջ ուսին մէջ:

Սանդուխներէն դանդաղ բարձանալով եւ աշխարհը դիտելով թռչունի մը կամ աստուածի մը աչքերով` մեր դիմաց կը բացուին բնակարանային եւ գրասենակային շէնքերու սպիտակ տանիքներ` արեւադարձային կանաչ տարածութիւններու ծալքերու մէջ:

Վարը` ստորին թաղամասերու մէջ կը բնակին աղքատները, հարուստները` բնակարանային բարձրայարկ շէնքերու մէջ, եւ` անպատասպարները: Կուանապարայի ծոցին կը տարածուին ֆութպոլի մարզադաշտերը, կղզիները, նաւակները, իսկ Քոպաքապանայի եւ Իփանեմայի աւազոտ ծովափներէն անդին` Ատլանտեան անսահման ովկիանոսը:

Ձախին` մարդկային կրկնապատիկ հասակով շինուած Քրիստոսի գլուխը խոնարհած է քաղաքին վրայ եւ կը դիտէ անոր գեղեցկութիւնը:

Աշխատաւորներու վերապահուած այս դռնէն ներս կը կորսուի դուրսի աղմուկը:

Աշխատաւորներու վերապահուած այս դռնէն ներս կը կորսուի դուրսի աղմուկը:

Սակայն, ի տարբերութիւն անտառներուն կամ ովկիանոսին, այս արձանը մարդկային ստեղծագործութիւն մըն է, հետեւաբար յաւիտենական չէ: Մօտէն դիտուած` յստակօրէն նկատելի են ժամանակի 83 տարուան աւերին հետքերը:

Ամէն օր շուրջ 5 հազար հոգի կ՛այեցելէ արձանը եւ զայն կը դիտէ միայն հեռուէն: Բոլորին աչքին անտեսանելի կը մնայ արձանին մակերեսը. մաշած սալիկներու խճանկար մը, որ կը նմանի ծերացած սողունի մը մորթին:

Կայծակներն ու փոթորիկները կը քանդեն արձանը: Այս տարուան յունուարին 8 օր տարբերութեամբ կայծակի երկու հարուածներ հատեցին արձանին մէկ միջնեմատին ծայրը եւ կիզեցին գանկին ետեւի մասը: Մասնագէտներ անմիջապէս լծուեցան գործի, որպէսզի յունիսին Աշխարհի բաժակի մրցումներէն առաջ կարկտնեն Ռիոյի ամէնէն աւելի սիրուած բացիկի տեսարանին պատկերը:

Արձանը այնպիսի ժողովրդականութիւն կը վայելէ, որ նոյնիսկ առաւօտեան ժամը 8-ին զբօսաշրջիկներ կը փութան լուսանկարելու եւ վայելելու զայն: Միակ սխալը, որ կը տեսնեն անոնք, այն աստիճանն է, որ կ՛առաջնորդէ 8մ բարձրութեամբ պատուանդանէն վեր` դէպի ծածուկ մուտք մը Քրիստոսի շրջազգեստին ծայրամասէն ներս:

Աշխատաւորներու վերապահուած այս դռնէն ներս կը կորսուի դուրսի աղմուկը: Բնական լոյսը հազիւ կը թափանցէ հոն եւ միայն քանի մը լամբեր կը լուսաւորեն զայն: Առանց բազրիկի սանդուխներ կ՛առաջնորդեն դէպի արձանին կեդրոնը` թանձրաձոյլ շաղախէ խաչաձեւ յենարաններու միջեւ, որոնք արձանին կու տան իր ուժը:

Արձանին ներքնամասը ամրացնող թանձրաձոյլ շաղախի նոր խաւ մը զովութիւն կը սփռէ` հակառակ ամրան տաք օդին: Անոր 12 յարկերէն իւրաքանչիւրը թուագրուած է, եւ ամէն ինչ փոշոտ մթերանոցի մը տպաւորութիւնը կը ստեղծէ:

Մինչեւ վերջին յարկ պէտք է հասնիլ` անդրադառնալու համար, թէ «Քրիստոս Փրկիչ»-ի արձանն է այս: Հոն` սրտաձեւ գունդ մը ցցուած է արձանին կուրծքէն եւ քանդակուած է նոյն խճանկարային տեսքով, ինչպէս` արտաքին մասին մէջ, ուր սիրտի ուրուագիծ մը կը տեսնենք: Միակ մանրամասնութիւնն է այս արձանին ներքնամասին մէջ, որուն պատերը այլապէս անտաշ են:

Վերջին սանդուխներէն վեր պողպատէ ուղղահայեաց աստիճան մը կ՛առաջնորդէ դէպի փապուղի մը` արձանին թեւին մէջ. մութ եւ նեղ անցք մը, որ կը տարածուի մինչեւ ձեռքին մատները:

Կայծակի վերջին հարուածներուն գործած աւերը քննելու միակ ձեւը 30մ բարձրութեամբ արձանին գագաթէն դուրս գալն է: Աշխատաւորներ կը սողան արձանին թեւերէն, ուսերէն կամ գլուխէն դուրս եւ պարանով կ՛իջնեն իրանէն վար կամ կը կտրեն թեւերուն մէկ ծայրէն միւսը 28մ երկայնքը, մինչ հեռուն կը տարածուի քաղաքը:

Կայծակը Կը Հարուածէ

Առաջին անգամ էր, որ խճանկարի գաղափարը կը կիրարկուէր արձանի մը վրայ:

Առաջին անգամ էր, որ խճանկարի գաղափարը կը կիրարկուէր արձանի մը վրայ:

Պրազիլ կը գտնուի արեւադարձային վայրի մը մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա աշխարհի կայծակի «մայրաքաղաքներէն» մէկն է, ինչ որ երբեք բարենպաստ չէ 710մ բարձրութեամբ կրանիթէ բլուրի մը գագաթին կանգնած արձանի մը համար:

Անջրպետի ուսումնասիրութեան պրազիլական հիմնարկին համաձայն, տարին առնուազն երկու, թերեւս չորս կայծակ կը հարուածէ արձանը, թէեւ հարուածներուն մեծ մասը որեւէ լուրջ վնաս չի պատճառեր:

Սակայն յունուարի փոթորիկները անհամեմատ կատաղի էին: «Վերջին քանի մը տարիներուն պատահած է, որ փոթորիկներու ընթացքին կայծակը հարուածէ աւելի քան հազար անգամ, ինչ որ չէր պատահեր նախապէս», կ՛ըսէ Օսմար Փինթօ, որ կը գլխաւորէ հիմնարկին օդի ելեկտրականութեան մասնագէտներու խումբը:

«Անհրաժեշտ է պարբերաբար քննել արձանին կառոյցը եւ ստուգել շանթարգելներուն վիճակը», կ՛աւելցնէ ան:

Արձանը ունի շանթարգել մը, փշեպսակի նման բան մը, որ կը ծածկէ անոր գլուխը եւ կը տարածուի երկու թեւերէն վար` մինչեւ ձեռքերը:

Այժմ կատարուող աշխատանքին նպատակն է շանթարգելները տարածել մինչեւ արձանին մատները: Կայծակները հողին մէջ խրելու համակարգը բարելաւելը նոյնքան անհրաժեշտ է:

Երբ շանթարգելները արդիւնաւէտ կերպով կը գործեն, արձանը նուազ ենթակայ կը դառնայ անոնց անմիջական շրջապատը հարուածող կայծակներու աւերին: Սակայն կայծակները հողին մէջ խրելը դիւրին չէ կրանիթէ վիթխարի ժայռի մը գագաթին: Կրանիթը ինքնին ելեկտրականութեան վատ հաղորդիչ մըն է:

Յունուարին հարուածած ահաւոր կայծակներուն աւերը սովորականէն աւելի լուրջ էր, ինչպէս կ՛ըսէ Հարաւային Ամերիկայի մէջ ինքնաշարժի անիւներ արտադրող Փիրելլի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Փաուլօ Տալ Փինօ: Այս ընկերութիւնը ստանձնած է այժմու վերանորոգութեան 790 հազար տոլարի ծախսը:

«Նման կոթող մը, որ տարին կը հիւրընկալէ աւելի քան երկու միլիոն այցելու, եւ որ 2014-ին պիտի հիւրընկալէ հաւանաբար երեք միլիոն այցելու, պէտք չէ որ աւերուի: Անիկա չի կրնար գոյութիւն չունենալ», կ՛ըսէ ան:

Մինչ փոթորիկները կը սաստկանան եւ արձանը կը ծերանայ, հաւանական է, որ աւելի յաճախ կարիքը զգացուի վերանորոգութեան: Սակայն արձանը պատող սկզբնական բաց կանաչ սալիկները, որոնք կը ծածկէին արձանին մակերեսը, արդէն մաշած են եւ հաւանական է, որ արձանը ի վերջոյ կրէ աւելի գորշ երանգ մը:

Տարիներու ընթացքին կատարուած մասնակի վերանորոգութիւնները արդէն արձանը վերածած են մոխրագոյնի, կապոյտի եւ կանաչի տարբեր երանգներով կարկտանի մը: Այս մէկը ակներեւ է` մօտէն դիտուած: Ապագայի վերանորոգութիւնները արձանը աւելի եւս պիտի հեռացնեն իր սկզբնական գոյնէն, բացի եթէ գտնուի նոյնատեսակ քարերու նոր հանք մը:

Մարսիա Պրակա` այն ճարտարապետը, որ գլխաւորած էր արձանին 2010-ի վերանորոգութիւնը, կ՛ըսէ, թէ դժուարութիւններ դիմագրաւած է, երբ փորձած է գտնել յար եւ նման քարեր: Շուրջ 60 հազար սալիկներ փոխելու իր աշխատանքին մէջ ան ստիպուած եղած է մերժել քարահանքէն բերուած սալիկներուն 80 առ հարիւրը:

«Նպատակը արձանին սկզբնական երեւոյթը լաւագոյն ձեւով պահպանելու միջոցը կիրարկելն է, որովհետեւ տարբեր գոյներու գործածութիւնը դէմ է գեղագիտական օրէնքներու», կ՛ըսէ ան:

Վերանորոգողները կը ժխտեն այն տարաձայնութիւնները, թէ արձանին վեց միլիոն սալիկները պիտի փոխարինուին, եւ թէ` «Քրիստոս Փրկիչ»-ի արձանը մէկ օրէն միւսը պիտի փոխէ իր գոյնը:

Հիմնական վերանորոգութիւնը կը նախատեսուի 2020-ին, այսինքն` վերջին հիմնական վերանորոգութենէն 10 տարի ետք: Ցարդ չէ որոշուած, թէ քանի՛ սալիկ պիտի փոխարինուի: Սակայն որեւէ նոր քար, որ պիտի օգտագործուի, պիտի ունենայ աւելի մութ երանգ մը: «Աւելի մութ կանաչի եւ տարբեր երանգ մը», ինչպէս կ՛ըսէ Պրազիլի Պատմական եւ արուեստի ժառանգութեան ազգային հիմնարկին մէկ բանբերը:

«Քրիստոսի քարերը գտնելը դժուար է», կ՛աւելցնէ ան:

Սկիզբը

«Քրիստոս Փրկիչ»-ի արձանը քարէ սալիկներով պատելը անոր ձեւագծումին իրականացումին վերջին հանգրուանն էր:

Ծրագիրին պրազիլցի ճարտարապետին` Հէյթոր Տա Սիլվա Քոսթայի համաձայն, առաջին անգամ էր, որ խճանկարի գաղափարը պիտի կիրարկուէր արձանի մը վրայ:

Քրիստոսի արձանը կանգնեցնելու մասին մտածած էին խումբ մը պրազիլցիներ, որոնք Ա. Աշխարհամարտի օրերուն ապրած էին անաստուածութեան մօտալուտ ալիքի մը վախը: Եկեղեցին եւ պետութիւնը բաժնուած էին, երբ նախորդ դարու վերջաւորութեան Պրազիլ դարձած էր հանրապետութիւն: Անոնք արձանի մը կառուցումով կը յուսային քրիստոնէութեան վերադարձնել Ռիոն, որ այդ ժամանակ Պրազիլի մայրաքաղաքն էր:

Նախ առաջարկուած էր Քրիստոսի պրոնզէ արձանը կանգնեցնել Շուկըր Լոֆ ժայռաբլուրին հարթ գագաթին, որ կը բարձրանայ ովկիանոսէն, Կուանապարայի ծոցին մուտքին: Սակայն շուտով որոշուած էր, թէ քաղաքին ետին բարձրացող անտառապատ բլուրներէն Քորքովատոն (կորաքամակ) աւելի յարմար վայր մըն էր:

Տա Սիլվա Քոսթա, որուն ձեւագծումը ընտրուած էր 1922-ի փետրուարին, երեւակայած էր դէպի ծագող արեւը դիտող արձան մը: «Երկնային փրկիչին արձանը պիտի դառնայ առաջին պատկերը, որ ծնունդ պիտի առնէ գահավիժող երկրէն եւ պիտի ստանայ ցերեկուան աստղին բարեւը, երբ պիտի շրջապատուի ճառագայթող լոյսով, իսկ մայր մտնող արեւը Մարդ-Աստուծոյ վայել լուսապսակ մը պիտի հիւսէ անոր գլխուն շուրջ», գրած է ան:

Անոր սկզբնական ձեւագծումը կը պատկերէր Քրիստոսը` մէկ ձեռքով հսկայական խաչ մը գրկած, միւս ձեռքով` աստեղային երկրագունդ մը: Ոմանք ծաղրած էին զայն` իբրեւ «գնդակով Քրիստոսը»:

Այդ ժամանակ Քորքովատոյի գագաթին կանգնած էր ռատիօ հաղորդակցութեան աշտարակ մը: ժայռաբլուրը բազմաթիւ անկիւններէ ուսումնասիրելէ ետք, Տա Սիլվա Քոսթա ստեղծած էր նոր ձեւագծում մը` արուեստագէտ Քարլոս Օսուալտի հետ: Այս տարբերակին մէջ Քրիստոս ի՛նք խաչն էր, անոր լայն բացուած թեւերը կը խորհրդանշէին մարդկութեան փրկութիւնը` խաչելութեամբ:

Սակայն նոր ձեւագծումը իրեն հետ կը բերէր նոր մարտահրաւէրներ: Տա Սիլվա Քոսթա արդէն եզրակացուցած էր, թէ կառոյցը պէտք էր այնքա՛ն վիթխարի ըլլար, որ կարելի ըլլար զայն տեսնել քաղաքին կեդրոնէն 4քմ հեռուէն: Անիկա նաեւ պէտք էր այնքա՛ն ամուր ըլլար, որ կարենար կրել հսկայական թեւերը: Տա Սիլվա Քոսթա որոշած էր զայն ամրապնդել թանձրաձոյլ շաղախով, զոր կը նկատէր «ապագայի հում նիւթը» եւ1924-ին ուղղուած էր Եւրոպա` խնդրելու համար օգնութիւնը այս մարզին մէջ ֆրանսացի վարպետ ճարտարագէտ` Ալպեր Քաքոյի:

Ֆրանսայի մէջ ան հանդիպած է եւրոպացի քանդակագործներու: Անթուան Պուրտել, որ աշխատած էր Ռոտենի հետ, առաջիններէն էր, որուն դիմած էր, որպէսզի կառուցէր 4մ բարձրութեամբ մանրակերտ մը` հիմնուած Օսուալտի գծանկարներուն վրայ, սակայն լեհ-ֆրանսացի քանդակագործ Փոլ Լանտովսքին էր, որ ստացած էր պատուէրը:

Օսուալտի ճեպանկարները արդէն կը համապատասխանէին այդ ժամանակներու արուեստի նորաձեւոութեան` ար տեքոյի: Սակայն Լանտովսքի աւելի եւս շեշտաւորած էր այս ոճաւորումը, մասնաւորաբար` արձանին գլխուն եւ ձեռքերուն վրայ, զորս շինած էր կաւով եւ նախատեսուած չափով, ապա զանոնք նաւով ուղարկած էր Ռիօ, ուր վերարտադրուած էին թանձրաձոյլ շաղախով:

Քորքովատոյի գագաթին պողպատէ նախնական կմախք մը բարձրացած էր 1927-ին, սակայն արձանին կառուցումը աւարտելու առնչուած շարք մը հարցեր անլուծելի կը մնային: Տա Սիլվա Քոսթա կը զգար, թէ թանձրաձոյլ շաղախը չափազանց կարծր էր եւ հում` իբրեւ շինանիւթ:

«Կ՛ուղղուէինք դէպի գեղարուեստական անխուսափելի ձախողութիւն մը, ուրկէ ետդարձ կարելի չէր կատարել», գրած է ան աւելի ուշ:

Օր մը գործէն ետք ան լուծումի մը ներշնչումը ստացած է` Շան զ՛էլիզէի վրայ տեսնելով նորակառոյց կամար մը, որ պատուած էր արծաթափայլ խճանկարով:

«Տեսնելով, թէ փոքր սալիկները ինչպէ՛ս պատած էին կլորութիւններով յատկանշուած ցայտաղբիւրը, շուտով մտածեցի նոյն միջոցը մտապատկերիս մէջ գործածելու մասին,- գրած է Տա Սիլվա Քոսթա:- Գաղափարը յղանալը եւ կիրարկելը հազիւ 24 ժամ տեւեց: Յաջորդ առաւօտ գացի խեցեգործական արուեստանոց մը, ուր պատրաստեցի առաջին նմուշները»:

Իբրեւ հում նիւթ` Տա Սիլվա Քոսթա ընտրած է օճառաքարը: Անոր թոռան թոռը` Պել Նորոնիա կը բացատրէ, թէ պատճառը այն էր, որ զայն օգտագործած էր 18-րդ դարու քանդակագործ Ալէյատինիօ (կամ` «հաշմանդամը»), Ռիոյէն հիւսիս` Մինաս Կերայս նահանգին մէջ: Ալէյատինիօ հիւանդութեան մը պատճառով կորսնցուցած էր իր մատները, սակայն հրաշքով շարունակած էր ձեռքերուն առողջ մասերով քանդակել նրբաշխատ արձաններ, գործածելով մուրճ եւ դուր: Անոր քանդակները լաւ վիճակի մէջ էին 120 տարի ետք, ինչ որ Տա Սիլվա Քոսթայի կարծիքով, ապացոյցն էր անոր օգտագործած քարին տոկունութեան:

Այնուհետեւ Տա Սիլվա Քոսթա ընտրած էր բաց գոյն քարի տեսակ մը` Օրօ Փրեթօ քաղաքին մօտակայ քարահանքերէն: Ասիկա այն քաղաքն էր, ուր աշխատած էր Ալէյատինիօ: Տա Սիլվա Քոսթա չէր նախատեսած, թէ հանքը պիտի սպառէր հազիւ ութ տասնամեակ ետք:

Ապա Քորքովատոյի ստորոտի եկեղեցիներուն մէջ կամաւոր կիներ քարէ սալիկներու 3 սմ x 3 սմ x 4 սմ եւ 5 մմ չափի եռանկիւններ ամրացուցած էին քառակուսի կտորներու վրայ, յաճախ` անձնական կնիք մը դրոշմելով, երկտողեր կամ իրենց սիրած անձին անունը արձանագրելով սալիկներուն ետին:

«Բազմաթիւ փափաքներ արձանագրած եմ օճառաքարերուն վրայ,- կ՛ըսէ կիներէն մէկը` Պել Նորոնիայի պատրաստած մէկ ժապաւէնին մէջ:- Հոն են անոնք, արձանին գագաթին»:

Երկրի Մը Խորհրդանիշը

Արձանը միշտ տեսանելի է Սանթա Մարթայի ստորին թաղամասերուն մէջ:

Արձանը միշտ տեսանելի է Սանթա Մարթայի ստորին թաղամասերուն մէջ:

Արձանին եւ անոր մօտ բնակողներուն միջեւ սերտ կապը կը շարունակուի:

Դիմակահանդէսի ժամանակ` փողոցներուն մէջ «Քրիստոսի անութը» անունով ծանօթ ցուցադրութիւն մը տեղի կ՛ունենայ Քորքովատոյի ստորոտին: Անիկա յարգանքի տուրք կը մատուցէ թեւերը լայն բացած արձանին, որուն պատկերը կրող Թի. շըրթեր կրող պարողներու եւ թմբկահարներու բազմութիւն մը իր ճամբան կը հիւսէ ժայռաբլուրին շուրջ:

Արձանը միշտ տեսանելի է Սանթա Մարթայի ստորին թաղամասերուն մէջ:

«Անոր ներկայութեան կը գիտակցիմ ամէն օր: Լաւ է զայն տեսնել բնութեան մէջ,- կ՛ըսէ Սիլվանա Քասթրօ տա Սիլվա:- Գեղեցիկ է մանաւանդ գիշերը, երբ ամբողջութեամբ կը լուսաւորուի»:

Արձանը մէկ մղոն հեռու է այս վայրէն եւ ճերմակ խաչի մը պէս կը պսպղայ բլուրին գագաթին: Երբեմն յատուկ առիթներով կը լուսաւորուի գունագեղ լոյսերով. ծիրանեգոյն` Մայրերու օրուան առիթով, վարդագոյն` կուրծքի քաղցկեղի բարեսիրական դրամահաւաքի օրուան առիթով, կապոյտ` օթիզմի նկատմամբ գիտակցութիւն արթնցնելու օրը եւ այլն:

«Քրիստոսի արձանին տեսարանին դիմաց բնակիլը առանձնաշնորհում մըն է. անիկա մեր հաւաքականութեան խորհրդանիշն է», կ՛ըսէ Պրազիլի յատուկ ամազոնեան հատապտուղի պաղպաղակ ծախող մը:- Ջերմեռանդ հաւատացեալ չեմ, հետեւաբար անիկա պարզապէս Ռիոյի ամէնէն գեղեցիկ վայրերէն մէկն է ինծի համար: Դէպի բլուրին գագաթը առաջնորդող արահետ մը կայ, որուն ծանօթ են միայն տեղացիք, ինչ որ իւրայատուկ է»:

Հակառակ արձանին ստեղծումին կրօնական ներշնչումին` անիկա երբեք բացառաբար կրօնական հայեցակէտով չէ դիտուած: Սելսօ կոմսը, որ ծրագիրը խթանողներէն մէկն էր 1920-ական տարիներուն, աւարտած գործը նկարագրած է իբրեւ «գիտութեան, արուեստի եւ կրօնի նուիրուած կոթող մը»:

Արձանին պատկերը վերարտադրուած է ամէն կողմ:

Արձանին պատկերը վերարտադրուած է ամէն կողմ:

«Արձանը կրօնական խորհրդանիշ մըն է, մշակութային խորհրդանիշ մըն է եւ Պրազիլի խորհրդանիշն է,- կ՛ըսէ արձանին ստորոտին գտնուող մատրան հովուապետը` Փատրէ Օմար:- «Քրիստոս Փրկիչ»-ի արձանը հրաշալի տեսարան մը կը պարզէ` թեւերը լայն բացած ընդունելով Ռիօ տը Ժանէյրոյէն անցնողները»:

Արձանին պատկերը վերարտադրուած է ամէն կողմ. պատերու վրայ խծբծուած արուեստի մէջ, Քոփաքապանայի ծովափին աւազաքարէ քանդակներուն, նոյնիսկ` մորթի վրայ:

Էտիլսըն Փորֆիրիօ Տանթաս, որ 18 տարի ապրած է Ռիոյի մէջ, արձանին պատկերը կիտել տուած է իր թիկունքին ամբողջ հասակին: «Ութ ժամ տեւեց զայն ամբողջացնելը,- կ՛ըսէ ան:- Ռիոյի բնակիչ չեմ, սակայն քաղաքը սրտիս մէջ է, իսկ Քրիստոսի արձանը գեղեցիկ է»:

Պրազիլի Ար տեքօ հիմնարկի տնօրէն Մարսիօ Ռոյթըրի համաձայն, «Քրիստոս Փրկիչ»-ը կը պարունակէ բազմաթիւ իմաստներ. «Տարբեր իմաստ մը` իւրաքանչիւր անձի համար»:

«Անիկա զուտ կրօնական խորհդրանիշ մը չէ, աւելի կը յիշեցնէ մէկը, որ կը դիմաւորէ, կը գրկէ եւ կ՛ողջագուրէ քեզ», կ՛ըսէ ան:

Անոր բառերը կ՛արձագանգեն Պրազիլի ամէնէն հռչակաւոր երգիչներէն` Ժիլպերթօ Ժիլի 1969-ի մէկ երգին` «Տեթ հակ»-ի (այդ ողջագուրումը) մէջ, որ կ՛ըսուի, թէ ներշնչուած է արձանին լայն բացուած թեւերէն:

Իբրեւ քաղաքական բանտարկեալ ազատ արձակուելէ ետք Ժիլ հրճուանք կ՛ապրի` ի տես Ռիոյի կենսունակ կեանքին, ստորին թաղամասերու աղջիկներուն, Փորթելայի սամպայի դպրոցին, Ֆլամենկօ ֆութպոլի խումբին, Պանտա տէ Իփանեսայի դիմակահանդէսին եւ կ՛երգէ.

«Հըլօ, Ռիօ տը Ժանէյրօ, տեթ հակ»,
«Տը պրազիլիըն փիփըլ, տեթ հակ»:

Ժիլ կը գրկէ բոլորը, արձանին պէս, եւ բոլորը կը գրկեն զինք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES