Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարան. «Վերադարձ Մեր Արմատներն». Դէպի Լոյսի Եւ Յոյսի Հայրենիքը Վերադառնալու Երազանքով
Ուրբաթ, 11 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Վերադարձ մեր արմատներուն» խորագիրը կրող ձեռնարկը` հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին:
Բացման խօսքը արտասանեց հայոց լեզուի ուսուցիչ Սոնա Թիթիզեան-Կէտիքեան, որ ըսաւ. «Մեզի համար մեր գերագոյն սէրը մեր հայրենիքն է, հայրենիք, որ ամէն բանէ վեր է»: Ան նշեց, թէ` «մենք երեւակայական հայրենիք մը գիտենք մեր երգերուն եւ դաստիարակութեան ընդմէջէն, մեր պապերը մեր կեանքը լեցուցած են հայրենի հողին կարօտով: Բայց հայրենիքին հողին հետ առնչուած ըլլալու համար պէտք է շօշափելի կապ հաստատել այդ հողատարածքին եւ հոն ապրող ժողովուրդին հետ»: Ան հրաւէր ուղղեց սթափելու եւ մեր հայեացքը իսկապէս դարձնելու դէպի հայրենիք, որպէսզի վերադառնանք դէպի արմատներ:
Յայտագիրին առաջին բաժինով 6 աշակերտներ եւ ուսուցչուհի մը բեմականացուցին հայերէնի դասապահի տեսարանը: Ուսուցչուհին իր աշակերտներուն կը խօսէր հայրենիքի ու հայկական հարցին մասին` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակութեան նախօրեակին: Աշակերտները տարակարծիք էին անցեալի դէպքերը մոռնալու թէ այսքան երկար տարիներ յիշելու, անոնցմէ ձերբազատելու թէ անոնց կառչած մնալու, ինչպէս նաեւ թուրքին երկարած բարեկամութեան ձեռքը ընդունելու թէ մերժելու գաղափարներուն շուրջ: Աշակերտներուն կարծիքները անկեղծ արտացոլացումն էր այսօրուան սերունդին ունեցած մտորումներուն, որուն կատարողութիւնը գնահատելի ձեւով կատարեցին անոնք:
Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն: Ներկայացուեցաւ վարժարանի թատերախումբին անցեալ տարի Հայաստան կատարած այցելութենէն դրուագներ` անոնց տպաւորութիւնները, հայրենիքի հողին ու ջուրին հետ շփում ունենալու հպարտութիւնը, Արարատը տեսած ըլլալու բերկրանքը, հայկական գեղատեսիլ վայրերը վայելած ըլլալու անբացատրելի զգացումը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի բեմին վրայ «Հայ ենք մենք» թատերախաղը ներկայացուցած ըլլալու պատուաբեր առիթին մասին պատմելը: Այս բոլորը աշակերտներուն տեսանկիւնէն իսկ դիտուած` վերադարձ մըն է մեր արմատներուն, պատկեր մը` որուն այնքան տպաւորիչ եւ ազդեցիկ արտայայտութիւնն էր այս տեսերիզին պատրաստութիւնը:
Օրուան բանախօսն էր Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, նոյն համալսարանի դասախօս, խմբագիր եւ բանասէր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Բանախօսը նշեց. «Վերադարձ դէպի արմատները խօսքը քիչ մը խորթ կը թուի այն առումով, որ վերադարձ` կը նշանակէ, թէ մենք հեռացած ենք եւ կը ձգտինք վերադառնալու, բայց ինչպէ՞ս կրնայ մարդ հեռացած ըլլալ իր ներքինէն»:
Դոկտ. Տագէսեան վստահեցուց, թէ` «մենք մեր արմատներուն վերադարձի խնդիր չունինք, որովհետեւ մեր անցեալը մեր ներքինն է, բայց երբեմն մեր ներքինին հետ հաղորդակցութիւնը այնքան կը նուազի, որ կը թուի, թէ անջատուած ենք անկէ, բայց երբ չենք հեռացած անկէ, ուրեմն խնդիր չկայ»: Ան եզրափակեց, ըսելով, թէ` «մենք պարտինք ոչ թէ վերադարձ կատարել դէպի մեր արմատները, այլ` յառաջ ընթանալ դէպի մեր արմատները, վերակենսաւորել դարերէն մեզի աւանդուած հինը նորով ջրդեղելու եւ հայ ժողովուրդին պայծառ յաւերժականութիւնը այդպէս երաշխաւորելու մեր անմահական խնձորը: Այդպէս մենք 21-րդ դար փոխադրած կ՛ըլլանք մեր էութիւնը թէ՛ իբրեւ ամբողջական մարդ, թէ՛ իբրեւ ժամանակակից հայ եւ անշուշտ իբրեւ երազներ սնուցանող, երազներով ապրող հայ ժողովուրդ»:
Վարժարանին երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ երեք երգերով` «Տէր ողորմեա», «Կիլիկիա» եւ «Քայլենք միասին», երգի ուսուցչուհի Սոնիկ Փամպուքեանի եւ 11-րդ դասարանի աշակերտ` Կարօ Նագգաշեանի ընկերակցութեամբ:
Աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Տագէսեանին, յայտագրի մաս կազմող ուսուցչուհիներուն եւ աշակերտութեան, եւ բեմադրիչ Յովիկ Յակոբեանին: Ան ըսաւ. «Ճիշդ է, որ մեր այսօրուան ձեռնարկը կը կոչուի «Վերադարձ մեր Արմատներ», սակայն մենք բոլորս ալ ամուր կերպով կառչած ենք մեր հայկական արմատներուն, վկայ` հայրենիքին հանդէպ մեր անհուն սէրը, վկայ` մեր պատմութեան ու մշակոյթին հանդէպ մեր անմնացորդ նուիրումը, վկայ` սփիւռքի մէջ գոյատեւող մեր կրթական օճախները, վկայ` հայերէն խօսող մեր աշակերտները, վկայ` մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն հանդէպ մեր յարգանքը եւ մեր բռնագրաւեալ հողերուն հանդէպ մեր անզիջող պահանջատիրութիւնը»:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ հոգեւոր տիրոջ պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով:

