Ճատրակ. Տուպայի Մրցաշարք. Հայրենի 3 Կրանտմասթըրները Արձանագրեցին Գոհացուցիչ Արդիւնքներ

Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) աւարտեցաւ ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն 3 կրանտմասթըրներ:

6,5-ական կէտ ապահովելով յաջորդաբար 5-րդ եւ 7-րդ դիրքերը գրաւեցին Զաւէն Անդրէասեան եւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան` 142 մասնակցողներուն մէջ, կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (armchess.am):

Իսկ 6 կէտ ապահովելով 12-րդ դիրքը գրաւեց Վլատիմիր Յակոբեան:

Տիտղոսին տիրացաւ ֆրանսացի Ռոմեն Էտուարտ, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 8 կէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES