Պէյրութի Ֆութպոլի Ակադեմիան Կը Մասնակցի Պարսելոնայի Ախոյեանութեան

1604academyՊարսելոնայի ֆութպոլի ախոյեանութեան, որ միջազգային ճանաչում ունեցող կրտսերներու մրցաշարք մըն է, Լիբանանէն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Պէյրութի ֆութպոլի ակադեմիան: Մասնակցողներուն կարգին պիտի ըլլան Պարսելոնա, Ռէալ Մատրիտ եւ ուրիշներ: Այս տարի անոր իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Պրազիլի կրտսերներու ազգային խումբը:

Լիբանանի կրտսերներու ազգային խումբին (17 տարեկանէն վար) մարզիչն է Ռոյ Ապի Էլիաս, իսկ մարզիկներն են` Ատել Ապիատ, Ալեքսիս Ապտալլա, Հալիմ Ապիատ, Ֆուատ Խուրի, Այյատ Շահին, Ֆայեզ Քանսօ, Մոհամետ Նարէտտին, Նիքոլաս Տուկլաս, Նիտալ Սաապ, Սթեֆան Ժատհուն, Թիերի Ժատհուն, Սերժ Հըպէյս, Քարիմ Ապու Տիպ, Քրիսթոֆ Թամարի, Էլի Մըտաուար, Ալեքսանտր Շահին, Սամի Ժահել եւ Մալեք Շուման:

Share this Article
CATEGORIES