ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷԻ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ձեռնարկին ներկաները

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ  «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ`  չորեքշաբթի, 9 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փետրուարեան ապստամբութեան 90-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Ձեռնարկին բացման խօսքը կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով արտասանեց Ճորճ Կրպոյեան, որ նշեց, թէ դարերու ստրկութենէն ետք վտանգուած էր անկախութիւնը եւ

Ճորճ Կրպոյեան

Դաշնակցութիւնը մերժուած էր ու հալածուած, ուստի, 18 փետրուար 1921-ին, հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ ու Երեւանի բանտերուն դռները բանալով ազատագրուեցան բանտարկեալները, որոնցմէ շատեր տանջանքներու ենթարկուեցան:

Ապա ներկայացուեցաւ Հայկակ Կոսոյեանի «Բանտի քարերն էին աղաղակում» թատերախաղը, որուն բեմականացումը կատարած էր Յարութ Շեքերճեան: Թատերախաղին մէջ ներկայացուեցան Փետրուարեան ապստամբութեան նախօրեակին տիրող պայմանները, յեղափոխականներուն առօրեան, ընդդիմութիւնն ու ապստամբութիւնը: Ներկայացումին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին անդամներն ու երիտասարդներ, որոնք էապէս կրցած էին մարմնաւորել ապստամբութեան մթնոլորտը: Նուագներով թատերական ներկայացման մասնակցեցան Խաժակ Խաչատուրեան (ջութակ) եւ Գէորգ Մանուկեան (տուտուկ):

Թատերական ներկայացումէն պահ մը

Օրուան պատգամը փոխանցեց «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ ըսաւ, թէ Փետրուարեան ապստամբութիւնը հայութեան հետագայ ընելիքներուն եւ ընդհանրապէս քաղաքական մտածողութեան զարգացման նոր հունաւորման համար պատմական անհրաժեշտութիւն մըն էր: Ան աւելցուց, որ Արցախեան գոյամարտը խորհուրդ մը կը ներառէ անպայման փետրուարեան ապստամբութեան ոգիէն:

Դասախօսութեան նիւթը առօրեայ մարտահրաւէրներուն հետ առնչելով` Գանտահարեան շեշտեց, որ այսօր ապստամբութիւն եւ յեղափոխութիւն յղացքները ստացած են տարբեր բովանդակութիւն, երբ տարբեր շարժառիթներ ուզած են այդ կարգախօսներու շղարշին տակ իրականացնել այլ նպատակներ:

Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ գունաւոր յեղափոխութեան ուրուականը սպառնաց նաեւ մեր հայրենիքին, ուր հեռու Փետրուարեան ապստամբութեան ոգիէն եւ անոր հետապնդած նպատակներէն, միայն իշխանատենչութեան շարժառիթներէն թելադրուած Հայաստանի առաջին նախագահին գլխաւորած ընդդիմութիւնը փորձեց իրագործել գունաւոր յեղափոխութեան հայաստանեան տարբերակը: Ան աւելցուց, որ նման ապստամբութիւններ կամ յեղափոխութիւններ կապ չունին Փետրուարեան ապստամբութեան ոգիին եւ ներկայացուցած խորհուրդին հետ:

Ան նշեց, որ առկայ իրավիճակներն ու պատերազմի վտանգի անմիջականութիւնը, ներքին ցնցում յառաջացնելը միայն կը նպաստէ արտաքին հակառակորդին: Գանտահարեան ըսաւ. «Թող ո՛չ ոք համարձակութիւնը ունենայ ապստամբութեան եւ յեղափոխութեան դաս տալու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ պատմութեան օրհասական բոլոր պահերուն գերադասելով հայութեան շահերը, ապստամբած է բոլոր տեսակի սուլթաններուն ու ձարերուն դէմ` զոհաբերելով իր լաւագոյն հերոսները»:

Աւարտելով իր խօսքը` Գանտահարեան ըսաւ, որ ներքին թշնամիներ որոնելու եւ այդ ճամբով զուտ իշխանութեան հասնիլ հետապնդելու վարքագիծերը պէտք է մերժել արմատապէս եւ կառչած մնալ Փետրուարեան ապստամբութեան ոգիին եւ խորհուրդին` պաշտպանելու եւ փրկելու համար հայրենիքը, ամրակայելու եւ հզօրացնելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէսզի նոր ապստամբութիւններու ճամբով կարենանք վերակերտել ամբողջական Հայաստանը:

Փետրուարեան ապստամբութեան նուիրուած հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՀՅԴ քայլերգով:

Share this Article
CATEGORIES