«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ի ՏԵՍԱԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` «ՓԻՒՆԻԿ»Ի ՄԷՋ

«Անվերջ փախուստ, անվերջ վերադարձ» վաւերագրական ժապաւէնի նկարահանումները երէկ տեղի ունեցան «Ազդակ»ի խմբագրատան մէջ` հսկողութեամբ «Ոսկէ ծիրան փառատօն»ի հիմնադիր եւ տնօրէն Յարութ Խաչատրեանի: «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի հովանաւորն է «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.» հաղորդակցութեան յառաջատար ընկերութիւնը, որուն ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի հետ «Ազդակ»ի ունեցած հարցազրոյցէն բաժիններ պիտի ներառուին 1988-էն ի վեր պատրաստուող նշուած ժապաւէնին մէջ: Ցարդ նկարահանումներ կատարուած են Սիպերիա, Էսթոնիա, Հայաստան, Թուրքիա եւ Աւստրիա: Նկարահանման աշխատանքներուն ներկայ էր նաեւ ժապաւէնի աշխատանքներուն խորհրդատու հայրենի մտաւորական, գրող Սպարտակ Ղարաբաղցեան:

Ռալֆ Եիրիկեան եւ Յարութ Խաչատրեան

«Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի, բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեանի եւ «Ազդակ»ի տնօրէնութեան միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին խորհրդակցութիւնները զարգացան «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի լիբանանեան շաբաթը «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կազմակերպելու կարելիութիւններուն ուղղութեամբ: Նախնական համաձայնութիւն գոյացաւ այդ ծրագիրը իրականացնելու յառաջիկայ աշնան:

Share this Article
CATEGORIES