«ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՅԱՆՁՆՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ» ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՊԵԼՄԱՐ

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանեալներուն Միջազգային դատական ատեանին յանձնումը լիբանանեան իշխանութիւններուն գործակցութեան կը կարօտի:

Պելմար հաստատեց, որ Միջազգային դատական ատեանը իր հետաքննութիւնը կը շարունակէ` աւելցնելով, որ նաեւ յաւելեալ ամբաստանութիւններ կրնան արձակուիլ:

Պելմար շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, որոնք համբերատար եղան` շեշտելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն բացայայտելու Հարիրիի սպանութեան վերաբերող ճշմարտութիւնը:

Անդրադառնալով ամբաստանեալները դատական իշխանութիւններուն յանձնելու հարցին` Պելմար յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան օրէնքի գերիշխանութեան,  լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ մնայուն գործակցութեան եւ Միջազգային ընտանիքին զօրակցութեան:

Share this Article
CATEGORIES