Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգ. «Յառաջ Գ. Կիւպէնկեան» Վարժարան

1404harach-(2)Ծաղկազարդի տօնին առիթով իր հովուապետական անդրանիկ այցելութեամբ Այնճար գտնուելով` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան երկուշաբթի, 14 ապրիլ 2014-ի, առաւօտեան, ընկերակցութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանին եւ Թաղական խորհուրդին, այցելեց Ազգ. «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ վարժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ աշակերտութեան կողմէ:

Սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անդամներուն հետ, ապա այցելեց մանկապարտէզ ու շրջելով տարբեր դասարաններ` զրուցեց աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ:

Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազանը ուղղուեցաւ «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահ, ուր վարժարանի ընտանիքը անձնակազմով, նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտութեամբ, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններով համախմբուած էր այս առթիւ պատրաստուած աշակերտութեան գեղարուեստական յայտագիրին հետեւելու եւ լսելու սրբազան հօր պատգամը:

1404harach-(1)«Բարի՛ եկաք, սրբազան հայր, ձեր հարազատ տունը` Այնճար» խօսքով վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ողջունեց առաջնորդը եւ յայտնեց, թէ գիւղն ու յատկապէս ազգային վարժարանը գօտեպնդուած կը զգան այս հայրական սրբազան ներկայութեամբ:

Ան ըսաւ, որ ազգային վարժարանին մէջ կրթական տարեշրջանը իւրայատուկ պահեր կ՛ընձեռէ բոլորին, սակայն այս պահը իւրայատուկ է եւ տարբեր խորհուրդներ կը փոխանցէ յատկապէս ներկայ ժամանակահատուածին մէջ` տագնապներու, մարտահրաւէրներու եւ ակնկալիքներու ուղղութեամբ:

Անդրադառնալով քեսապահայութեան տեղահանման ողբերգական կացութեան` տնօրէնը ըսաւ. «Քեսապի վերականգնումի պայմանը կը կայանայ քաղաքական այն ինքնագիտակցութեան մէջ, որ անիկա հայրենիքի բեկոր կը համարուի , ռազմաքաղաքական այն հաշուարկով, որ Քեսապը ամբողջական հայրենիքի պահանջատիրական մեր մեծ երթին մէկ կարեւոր կռուանն ու դարպասն է»:

Տնօրէնը հաստատեց, որ քեսապահայութեան ոտնակոխուած իրաւունքները ամբողջ հայութեան կը վերաբերին: Ան այս գծով հաւաքական յանձնառութեան կոչ ուղղեց` յայտնելով, որ իբրեւ ազգային վարժարան` զօրավիգ են քեսապահայ աշակերտին, որպէսզի շուտով վերագտնէ իրմէ խլուած ուսումնական ժամանակն ու առօրեան:

1404harach-(3)Ապա խօսքը ուղղելով սրբազան հօր` տնօրէնը նշեց. « Թող ձեր այս այցելութիւնը խթան հանդիսանայ մեր հաւաքական կամքին եւ օրհնութիւնը մեր գիւղը համահայկական մարտահրաւէրներու ընդառաջ` պատնէշի վրայ պահելու ուխտին»:
Արմէն Թաշճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին` վարժարանին հանդէպ ունեցած անոր յատուկ հոգածութեան համար, որուն վկայութիւնն էր այս այցելութիւնը:

Վերջապէս Ծաղկազարդի եւ Սուրբ Զատկուան տօներու առիթով վարժարանի ընտանիքին անունով ուխտեց ըլլալ ծաղկազարդը 1700-ամեայ ազգային հաւատքին ու յարութիւնը Սարդարապատեան ղօղանջներուն, Ծաղկազարդը Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի կոթողին ու յարութիւնը նահատակ հերոսներուն, «ի վերջոյ Ծաղկազարդը Այնճարի ու յարութիւնը` Մուսա Լերան քառասուն օրերուն ի խնդիր ազգային իտէալներու իրականացման»:

Ապա յաջորդաբար բեմ բարձրանալով աշակերտները ներկայացուցին իրենց առօրեայ ազգային կրթութեան ընթացքին սորված հայկական աւանդական երգերն ու պարերը:

Երգչախումբը ներկայացուց «Կաքաւի երգ» եւ «Հինկալլա»-ն, ինչպէս նաեւ պարի ընկերակցութեամբ` «Նազան իմ եարը» եւ «Հայաստանը ես եմ» երգերը:

Հայկական «էնզելի» նազպարով հանդէս եկաւ 6-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Սելին Քէշիշեան:

Ապա 9-11-րդ դասարաններու աղջիկները ներկայացուցին «Մուշ» պարը, 7-8-րդի պարախումբը` ժողովրդական պար մը, 3-4-րդի պարախումբը ` «Համբարձումը», իսկ 9-11-րդի պարախումբը`« Սասնայ եարխուշտա»-ն:

Ապա առաջնորդ սրբազանը հարազատ ու սրտի մօտիկ զգացումներով փոխանցեց իր պատգամը:
Ան ըսաւ, որ ներկայացուած գեղարուեստական յայտագրին մէջ գոյութիւն ունէին հայաբոյր խանդի նշոյլներ, որոնք պահը վերածեցին գեղեցիկ հանդիսութեան մը:

Ու դառնալով աշակերտութեան` սրբազանը ըսաւ.
«Բոլորիս սիրոյ ու գուրգուրանքի առարկան ձեր վարժարանն է, ուր կը սնանիք ու կ՛ապրիք հայու շունչով, ազգային գիտելիքներով եւ հինէն եկող աւանդներով, ուստի մեր ներկան ու ապագան ձեզմով կ՛իմաստաւորուի»:

Առաջնորդ սրբազանը ազգային կրթութեան առաքելութեան մէջ շեշտեց հաւաքական պատասխանատուութեան եւ աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրներու իրականացման մաղթանքով ու օրհնութեամբ փակեց հանդիսութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES