Սրբուհի Ագնէս Վարժարանի Այցելութիւնը ՔԱՀԼ-ի Հայ Ծերանոց` «Հայ Ծերունիներու Տարուան Առիթով»

S.Agnes_Kahl1Երբ ծերունիին ձեռքերու դողալը տեսնես ու ծունկերու կթոտիլը, մտածէ, որ նա աշխատեր ու քալեր է անընդհատ: Յարգանք, ուրեմն իր վաստակին եւ յոգնութեան հանդէպ:

(Ծաղիկներու պէս հմայիչ-բարեկիրթ հայորդին)
Հայր Աւետիք վրդ՛ Թալաթինեանի

Երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2014-ին Սրբուհի Ագնէս վարժարանի Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտութիւնը` առաջնորդութեամբ հայերէնի ուսուցիչ Լենա Մարգարեանի, այցելեցին Հայ ազգային ծերանոցի Հայ մամիկներուն տունը:

Անոնք իրենց ժպտուն եւ ուրախ դէմքով ծանօթացան ամէն մէկ մամիկին, եւ ուրախացուցին զանոնք` իրենց սորված արտասանութիւններով եւ կատարած հիւրասիրութեամբ:

S.Agnes_Kahl2Իսկ տարեց մամիկները իրենց հաճելի փոքր պատմուածքներով, Սուրբ գիրքէն հատուած մը կարդալով եւ բացատրութիւն տալով հոգեկան գոհունակութիւն մը մը տուին աշակերտներուն:

Դաստիարակչական կարեւորագոյն մասնիկն է պատանին թրծել ընկերային կեանքին մէջ, մանաւանդ այցելութիւն մը տալով տարեց մամիկին որովհետեւ անոնք կեանքի փորձառութեան շտեմարաններ են:

Անոնք ունին իրենց ամենաթանկագին բանը, զոր կրնան փոխանցել` իրենց աղօթքներն առ Աստուած, որպէսզի Ան նոր սերունդը պահէ եւ պահպանէ բոլոր փորձանքներէ, ինչպէս նաեւ յաջողութիւններ պարգեւէ իրենց ուսումնական եւ առօրեայ կեանքին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES