Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան-Ֆանար

1604HripsimyantzԱւագ շաբթուան առիթով, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի միջնակարգ բաժինի աշակերտները, առաջնորդութեամբ իրենց պատասխանատու ուսուցիչներուն, այցելեցին Պքերքէ, ուր հանդիպեցան մարոնիներու պատրիարք Պշարա Ռայիին, որ օրհնեց աշակերտները եւ անոնց հետ յիշատակի լուսանկարներ առաւ:

Պքերքէէն ետք աշակերտները Հարիսայի Տիրամօր ուխտավայրը այցելեցին, ուր աղօթեցին իրենց պարագաներուն եւ յատկապէս Քեսապէն տեղահան եղած հայորդիներու համար: Ապա այցելեցին Զմմառու Հայ քոյրերու միաբանութեան որբանոցը, այնտեղի երեխաներուն Զատկուան նուէրներ յանձնեցին ու նախքան դպրոց վերադառնալը` Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ աղօթեցին ու այցելեցին վանքի թանգարանը:

Յիշենք նաեւ, թէ նախակրթարանի բաժնի աշակերտները նոյնպէս այցելեցին սրբավայրեր` Սէյտեթ Նուրիէ եւ Սուրբ Սիմոն վանքերը:

Share this Article
CATEGORIES