Թեհրանահայութեան Բողոքի Հաւաք` Թեհրանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Առջեւ

1604Tehran_Protest1Չորեքշաբթի, 16 ապրիլի առաւօտեան թեհրանահայ համայնքը` ի պաշտպանութիւն սուրիահայերուն, Թեհրանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առաջ կատարեց է բողոքի ցոյց, որով կրկին իր ձայնը միացուց աշխարհասփիւռ հայութեան ցասումի ձայնին:

Պաստառներով եւ բարձրակոչ կարգախօսներով համախմբուած ցուցարարներու շարքին էին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Նշան արք. Գարաքեհէյեան, Իրանի խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտոր Կարէն Խանլարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Գեւիկ Մկրտչեան, թեմի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու, ազգային իշխանութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հաւաքը սկսաւ Իրանի քայլերգով, ապա իրաւաբան Թալին Բանդարին պարսկերէն լեզուով ընթերցեց Քեսապի յարձակման եւ անոր յաջորդող զարգացումներուն առնչուող հակիրճ հաղորդագրութիւն, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէր նաեւ դատապարտելու իրողութիւնը:

Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան իր ելոյթ-կոչին մէջ շեշտեց. «Թուրքիան ասկէ 99 տարիներ առաջ նոյն անմարդկային ոճրագործութիւնը կատարեց, երբ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու սպանդի պատճառ եղաւ:Եւ տակաւին ան կը շարունակէ իր ցեղասպանի կեցուածքը` Ցեղասպանութեան ուրացումով:Բայց թող ինքը եւ իր ժառանգորդները ու աշխարհի անարդար մարդիկ իմանան, որ հայ ժողովուրդը չէր ծնած մեռնելու համար, այլ ծնած էր ապրելու, եւ այսօր 99 տարիներ ետք Տէր Զօրի անապատէն ծնունդ առած մեր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս կը շարունակէ իր պայքարը:

1604Tehran_Protest2«Եւ այսօրուան մեր այս հաւաքը, սիրելինե՛ր, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ վկայութիւնը այն ճշմարտութեան, որ մենք իբրեւ քաղաքացիները Իրանի Հանրապետութեան, ամէն ինչ կ՛ընենք, որպէսզի արդարութիւնը իր տեղը գտնէ: Եւ այսօրուան այս հաւաքը միջազգային հանգամանք ունեցող այս գրասենեակին դիմաց` կոչ է նաեւ միջազգային կազմակերպութեան` ՄԱԿ-ին,որպէսզի ինք եւս հետամուտ ըլլայ արդարութեան եւ ոչ թէ խամաճիկը դառնայ Ամերիկայի եւ եւրոպական պետութիւններու: Մեր ակնկալիքն է, որ միջազգային ընտանիքը սթափի եւ տեսնէ պատմական ճշմարտութիւնները եւ ըստ այնմ կողմնորոշուի, որովհետեւ ժողովուրդներու պատմութիւնը կարելի չէ կեղծիքի վրայ հիմնել»:

Դոկտ. Կարէն Խանլարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսպիսով մենք կ՛ուզենք մեր բողոքը յայտնել ՄԱԿ-ին եւ միջազգային ատեաններուն` այս ահաբեկչական խումբերու վայրագութիւններուն գծով: Միաժամանակ կ՛ուզենք մեր ժողովուրդին, մեր համայնքին զօրակցութիւնը յայտնել մեր սուրիահայ համայնքին եւ անգամ մը եւս հաստատել,որ եթէ որեւէ վտանգ սպառնայ մեր ազգի որեւէ մէկ հատուածին, համայն հայութիւնը` որպէս մէկ ազգ, որպէս մէկ կենդանի ամբողջութիւն այս հարցերուն մէջ պիտի ըլլանք պահանջատէր եւ իրարու զօրակից»:

Անկէ ետք բոլոր ելոյթ ունեցողները իրենց խօսքին մէջ դատապարտեցին Սուրիոյ մէջ ծաւալած իրադարձութիւնները` յատկապէս երբ անիկա ուղղուած է հայ համայնքին դէմ:

Քաղաքական փորձագէտ Իսիկ Իւնանեսեանը ընթերցեց վերջնագիրը, եւ հաւաքի աւարտին ցուցարարներուն անունով վերջնագիրը փոխանցուեցաւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES