Երիտասարդական Բողոքի Հաւաք` Ընդդէմ Քեսապի Մէջ Թրքական Ոճրագործութեան

1504boghok-(1)Երեքշաբթի, ապրիլի 15-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան, երիտասարդական բողոքի համահաւաք կայացաւ Սպահան քաղաքի Մոթահառի կեդրոնական պողոտային վրայ գտնուող «Թրքիշ էրլայնզ»-ի գրասենեակին առջեւ` իբրեւ բողոք Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ քաղաքին վրայ կատարուող ռազմական գործողութիւններուն եւ ի պաշտպանութիւն սուրիահայութեան:

Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ համահաւաքին ընթացքին դատապարտանքի վանկարկումներով ու պաստառներով` բողոքողները իրենց ցասման ու զայրոյթի ձայնը միացուցին համայն հայութեան պահանջատենչ ձայնին:

1504boghok-(4)Համահաւաքի ընթացքին Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեան, անդրադառնալով վերջերս Քեսապի մէջ տեղի ունեցածին, կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ հայը յարութիւն առնող ժողովուրդ է եւ նման երիտասարդներով կանգուն եղած է ու պէտք է յարատեւէ` ի խնդիր մեր ընդհանուր գաղափարներուն ու պահանջատիրութեան: Հայր սուրբը աւելցուց նաեւ, որ համայն հայութիւնը պիտի չլռէ կատարուածին առնչութեամբ եւ տէր պիտի կանգնի քեսապահայութան ու պիտի աջակցի անոնց: Ան իր խօսքը եզրափակեց` պահաջելով թուրքէն ծունկի գալ հայուն առջեւ եւ ներողութիւն խնդրել տեղի ունեցածին համար: Հայր սուրբի խօսքին յաջորդեց օրուան բանաձեւի ընթերցումը, որով դատապարտելով Սուրիոյ մէջ` ի մասնաւորի Քեսապ քաղաքի նկատմամբ Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները, ցուցարարները ՄԱԿ-էն եւ մարդու իրաւունքները պաշտպանող միջազգային կազմակերպութիւններէն կը պահանջէին կանխել Թուրքիոյ աջակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը ահաբեկիչ-ծայրայեղական խմբաւորումներու ոճրագործութիւններուն, իսկ Իրանի պետութենէն կը խնդրեն իր դիւանագիտական բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնել` տարածաշրջանի քրիստոնեաներու ու իսլամներու խաղաղ համակեցութեան համար:

Աւարտին մասնակիցները տեղափոխուեցան Ս. Ա վանք, ուր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ կատարուեցաւ ծաղիկներու զետեղում:

Համահաւաքին ներկայ էին նաեւ շրջանի Հայ դատի յանձնախմբի անդամները, Վարդան քհնյ. Աղաբաբայեանը, «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան եւ Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Ուսանողական միաւորի անդամները, հայոց ազգային դպրոցներու բարձր կարգերու աշակերտներ ու համայնքի անդամներ:

Share this Article
CATEGORIES