Հալէպի Մէջ Բուռն Բախումներ
Սուրիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ բախումները կը շարունակուին: Հալէպի մէջ յատկապէս բուռն բախումներ կ՛ընթանան սուրիական օրինական զօրքին եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ` ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, երէկ հրասանդներու եւ հրթիռներու պայթիւններու պատճառով Հալէպի մէջ զոհուած են 7 մանուկներ եւ արձանագրուած է աւելի քան երեսուն վիրաւորներու պարագայ: Ճապրիէ շրջանին մէջ վիրաւորուած է հայազգի Կարօ Աւագեան (1966-ի ծնունդ) եւ փոխադրուած Սելլում հիւանդանոց:
CATEGORIES Գաղութային

