Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Շապապ Հումին Թահթա Մրցումը` Համակիրներով

Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթ, 19 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը բաւական կարեւոր եւ ճակատագրական մրցում մը ունի կատարելիք Սաֆայի դաշտին վրայ:

Շապապ Հումին Թահթայի դէմ մրցումը կ՛իյնայ Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն Գ. եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ:

ՀՄԸՄ-ի խումբը, որ քայլ մը միայն հեռու է Բ. դասակարգ բարձրանալէ, յաղթանակէ այլընտրանք չունի, որովհետեւ հաւասարութիւնը այդքան ալ նպաստաւոր պիտի չըլլայ:

Եթէ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտին վրայ իրենց պարտականութիւնը ունին կատարելիք, անդին այլ կարեւոր պաշտօն մը ունին կատարելիք խումբին համակիրները թրիպիւններուն վրայ, բնականաբար իրենց կողքին ունենալով ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:

Երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Համբիկ Միսաքեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով տեղեկացանք, որ այս կարեւոր մրցումին համար ՀՄԸՄ-ի տրամադրուած են 500 տոմսեր, ինչ որ կը նշանակէ, որ մրցումը տեղի պիտի ունենայ համակիրներու ներկայութեամբ եւ ոչ թէ դռնփակ:

Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն այս մրցումին ներկայ գտնուիլ, այսօր եւ վաղը կրնան ուղղուիլ ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտ եւ ապահովել իրենց տոմսերը:

Կարելի է նաեւ կապ հաստատել Մկօ Օտապաշեանի հետ եւ հեռաձայնելով 03-769330 թիւին տոմս ապահովել:

Բոլորիս ժամադրավայրը շաբաթ, 19 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին պիտի ըլլայ Սաֆայի դաշտը` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը:

Share this Article
CATEGORIES