Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Համագումարին. Որոշուեցաւ Բարեփոխումներ Կատարել Կանոնագիրին Մէջ
Ընդառաջելով ՖԻՊԱ-ի առաջարկին` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) իր գումարած համագումարին որոշեց բարեփոխումներ կատարել իր կանոնագիրին մէջ, որպէսզի Լիբանանի դէմ սահմանուած միջազգային կախակայումը կարելի ըլլայ վերացնել:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար եւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ֆարես, որոնք գլխաւորեցին այս համագումարը, ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն եւ լիբանանեան պասքեթպոլի ակումբներուն ներկայացուցիչներուն, իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնեցին Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանին, որ ոչ մէկ ճիգ խնայեց օգնելու Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, որպէսզի այդ պատիժը բեկանուի:
Օրակարգի վրայ գտնուող կարգ մը կէտեր թէեւ փոքր բանավէճերու դուռ բացին ներկաներուն միջեւ, սակայն բոլոր ներկաները աւարտին եկան միասնական համաձայնութեան մը եւ որոշեցին կանոնագիրին կարգ մը կէտերը բարեփոխումներու ենթարկել, որպէսզի ՖԻՊԱ-ն Լիբանանի դէմ սահմանուած պատիժը վերացնէ:

Ուալիտ Նասսար (աջին) եւ Ղասսան Ֆարես PROFOTO

