Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ Տիրացաւ Տիտղոսին

1704real-madridԿերըթ Պէյլի նշանակած կոլին շնորհիւ, մրցումին աւարտէն 5 վայրկեան առաջ, Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր ոխերիմ մրցակիցը` Պարսելոնան եւ տիրացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին` իր պատմութեան մէջ 19-րդ անգամ ըլլալով: Սակայն հակառակ ատոր, Պարսելոնայի կը պատկանի մրցանիշը, որ 26 անգամ տիրացած է անոր:

Վալենսիայի «Մեսթայա» դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին 11-րդ վայրկեանին Անխել Տի Մարիա բացաւ հաշիւը, մինչ Մարք Պարթրա նշանակեց Պարսելոնայի հաւասարութեան կոլը:

Մրցումը պիտի երկարաձգուէր, եթէ Նէյմարի հարուածը չդիպչէր Իքեր Քասիասի բերդին սիւնին:

 

Share this Article
CATEGORIES