Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պայէրն Միւնիխ – Պորուսիա Տորթմունտ Աւարտական

1704heno17 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին երկրին ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն վայելող խումբերը` Պայէրն Միւնիխ եւ Պորուսիա Տորթմունտ:

«Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան հանդիսացած Պայէրն Միւնիխ 71 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 5-1 արդիւնքով յաղթեց Քայզըրսլաութըրնի (Բ. Դասակարգ), մինչ Պորուսիա Տորթմունտ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Վոլֆսպուրկի` աւելի քան 80 հազար համակիրներու ներկայութեան:

Նշենք, որ Տորթմունտի առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:

 

Share this Article
CATEGORIES