Փութինը Տեղեակ Պահուած Է Անկախութեան Ճանաչման Համար Մերձտնեսթրի Դիմումին Մասին

TransdeniestrGazeta.ru կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը տեղեակ պահուած է անկախութիւն ճանչնալու` Մերձտնեսթրի իշխանութիւններուն խնդրանքէն:

«Դիմումի քննարկման յստակ ժամկէտները տակաւին յայտնի չեն», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով` աւելցնելով, որ չի գիտեր, թէ դիմումը ի՛նչ խողովակներով ստացուած է:

Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Մերձտնեսթրի իշխանութիւնները դիմած են Վլատիմիր Փութինին` խնդրելով նախաձեռնել Մերձտնեսթրի Մոլտաւական հանրապետութեան` իբրեւ գերիշխան անկախ պետութիւն ճանաչման հոլովոյթը:

 

Share this Article
CATEGORIES