Թուրքիա Եւ Ազրպէյճան «Թուրանի Բանակ» Կը Ստեղծեն
Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը ստեղծեն «Թուրանի բանակ» կոչուած թուրք-մահմետական զինուորական միաւորումը, որուն առաջին քայլերուն ձայնը հնչեց Նախիջեւանէն` երկու երկիրներու զինեալ ուժերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ ռազմափորձերու ժամանակ: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութեան մասնակցութեամբ ռազմափորձերուն մասնակից եղած են Առանձին համազօրային բանակի զօրամասերու եւ զօրամիաւորումներու անձնակազմը, օդուժը, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, հրթիռային եւ հրետանային զօրքերու ուժերն ու միջոցները, ներառեալ` ժամանակակից չափանիշերուն համապատասխանող նոր սարքեր: Ռազմափորձերուն նպատակը Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած զինուորական ուժերու մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը, մարտական թեքնիքի, ինչպէս նաեւ ժամանակակից զէնքի օգտագործման կարելիութիւններուն ստուգումն էր:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական «Ենի Մուսաւաթ» օրաթերթը այդ կապակցութեամբ կը գրէ, որ Հայաստանի հետ սահմաններուն մօտ ռազմափորձերուն կատարումը արդիւնք է անոր, որ վերջին շրջանին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն ընթացքին քաղաքական-տնտեսական համագործակցութեան հարցերուն զուգահեռ քննարկուած են նաեւ միացեալ ռազմափորձեր կատարելու հարցեր:
Ըստ օրաթերթին, Թուրքիա «մտահոգ է» Սուրիայէն գաղթական հայերու եւ քիւրտերու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակեցման կարելիութեամբ: Այդ պատճառով ալ Թուրքիա կ՛ուզէ, որ ռազմափորձերուն ժամանակ «մտնեն, դուրս գան» գաղթի շրջաններ, կամ այնտեղ «հրթիռներ նետուին», որպէսզի Ղարաբաղ գաղթածները հասկնան, որ այնտեղ հանգիստ չէ, ինչ որ նուազագոյնը պիտի դադրեցուի անոնց գաղթելու ցանկութիւնն ու հոլովոյթը:
Թերթը նախապէս գրած էր, որ Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Խըրխըզիստանը եւ Մոնկոլիան կը նախաձեռնեն այսպէս կոչուած «Թուրանի բանակ» (ԹԱՔՄ) ստեղծել: «Թուրանի բանակ»-ի նախագահութիւնը Թուրքիոյ մէջ է, իսկ սպայակոյտը երեք ամիս առաջ Անգարայէն տեղափոխուած է Պաքու, որուն պատճառը, ըստ թերթին, Ուքրանիոյ մէջ ընթացող եւ Ազրպէյճանին «սպառնացող» ռուսական «յարձակումին» դէմ ուղերձ յղելն է…:
Թերթը կը յայտնէ, որ այդ բանակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններ կամ հրոսակային պատերազմ մղելու պատրաստ խումբեր ունի, եւ առայժմ այդ գործողութիւններուն չի սկսիր, որովհետեւ Ազրպէյճանը «տակաւին կը զգուշանայ» Ռուսիայէն: Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած ռազմափորձերը թերթը կը գնահատէ իբրեւ «Թուրանի բանակ»-ի առաջին «ռազմափորձ»:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ «Թուրանի բանակ»-ին միանալու փափաք յայտնած է Ղազախստանը, որուն պաշտպանութեան նախարար Սերիք Ահմետով 21 ապրիլին պիտի այցելէ Ազրպէյճան` քննարկելու «Թուրանի բանակ»-ին հետ կապուած հարցեր:

