«Սուրիոյ Խորհրդարանը Երկուշաբթի Օր Նախագահութեան Թեկնածութեան Յառաջադրման Հրաւէր Պիտի Ուղղէ» Ըսաւ Զոհպի
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի յայտնեց, որ «Սուրիոյ խորհրդարանը երկուշաբթի օր նախագահութեան թեկնածութեան յառաջադրման հրաւէրը պիտի յայտարարէ»:
Ան Դամասկոսի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին վստահեցուց, որ «սուրիական պետական լրատուութիւնը թեկնածուներուն նկատմամբ անկողմնակալ եւ թափանցիկ պիտի ըլլայ»` շեշտելով. «Ոչ ոք իրաւունք ունի յետաձգելու կամ խանգարելու նախագահութեան ընտրութիւնը, ինչ ալ ըլլան պատճառներն ու պայմանները»:
CATEGORIES Միջազգային

