Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Ոտնլուայի կարգին նախագահեց Ռումիէի բանտին մէջ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան յատուկ խորհրդարանի լիագումար նիստը չի խոչընդոտեր օրէնսդրական լիագումարի կայացումը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Տըմիանոս Քաթթար յայտնեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածուներէն մէկն է եւ Հըզպալլայի զէնքին առումով ունի իր յատուկ պատկերացումը:
ԿԸ նախատեսուի, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շաբաթ, 19 կամ երեքշաբթի, 22 ապրիլին պաշտօնապէս յայտարարէ հանրապետութեան նախագահութեան իր թեկնածութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Պաալպեք-Հերմելի վերաբերող հարցերը:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը կը հաստատեն, որ իրենք նախագահական ընտրութեան պիտի ներկայանան միացեալ թեկնածուով մը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մտահոգութիւն յայտնեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին կողմէ գործադրուելիք դասադուլերուն եւ գործադուլերուն առնչութեամբ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի որոշումով, համեմատաբար սուղ նկատուող 261 տեսակի դեղորայքի սակերը 71 առ հարիւրով նուազած են:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ֆատի Սուան առաջարկեց մահապատիժի վճիռ արձակել վեց պաղեստինցիներու դէմ (ի բացակայութեան), որոնք ամբաստանուած էին ահաբեկչական արարքներ գործելու յանցանքով:

