Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Ղեկավար Սամիր Ժահժահ Ներկայացուց Նախագահական Իր Նախընտրական Ծրագիրը

LEBANON-POLITICS-VOTE-GEAGEAԼիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախանցեալ օր յայտարարեց նախագահական իր ծրագիրը` «Հզօր հանրապետութիւն» կարգախօսին ներքեւ եւ ազգային` ոչ կուսակցական երգերու ունկնդրութեամբ:

Նախագահական ընտրութեան իր ներկայացուցած թեկնածութեան լոյսին տակ, Ժահժահի ներկայացնելիք քաղաքական ծրագիրին յայտարարութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Միշել Մուսա:

Ժահժահ ըսաւ, որ աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, որուն պետութիւնը կ՛արտօնէ կամ կ՛ընդունի, որ քաղաքական կուսակցութիւն մը բաժնէ անոր քաղաքական որոշումը, կամ անոր որոշումը ենթակայ ըլլայ այս կամ այն քաղաքական ուժին իշխանութեան:

«Հետեւաբար կատարեալ վճռակամութեամբ պիտի պայքարինք, որպէսզի զէնքի ուժին իրաւունքը պատկանի միայն պետութեան, այլ խօսքով` զէնքի ուժը ենթակայ ըլլայ լիբանանեան պետութեան հրահանգին», ըսաւ ան:

Ժահժահ նշեց, որ ինք կառչած պիտի մնայ «Արաբական գարնան» եւ հաստատեց, որ իրեն համար արմատականութիւնը մերժելի է` աւելցնելով, որ հաւատադրժողականութիւնն ու ծայրայեղութիւնը իրենց կարգին մերժելի են եւ չարիք ու անիրաւութիւն կը խորհրդանշեն:

«Անվարան պիտի պայքարիմ անոնց դէմ` նկատի ունենալով անոնց վտանգը եւ ահաբեկչական արարք ըլլալու իրականութիւնը», ըսաւ ան:
Ժահժահ յայտնեց, որ երբ Սուրիա իր օրինական կառավարութիւնը ունենայ, ինք պիտի պահանջէ անկէ ստորագրել միացեալ տեղեկագիր մը, որուն մէջ Դամասկոս Մազարեհ Շըպաան կը ճանչնայ իբրեւ լիբանանեան տարածք: «Ապա ստորագրուած այդ միացեալ տեղեկագիրը պիտի ուղարկենք ՄԱԿ, որպէսզի միջազգային առումով փաստուի շրջանին լիբանանեան ինքնութիւնը եւ պարտադրուի իսրայէլեան ուժերուն այդ տարածքներէն հեռացումը», ընդգծեց Ժահժահ:

Նշենք նաեւ, որ այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ժահժահի հետ եւ շնորհաւորեց զայն անոր նախագահական ընտրութեան ծրագիրին ներկայացման առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES