Վարչապետ Սալամ. «Ոչինչ Կ՛արգիլէ Նախագահական Ընտրութեան Կայացումը»

Վարչապետ Սալամ եւ Ռայի պատրիարքը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մտահոգութիւնները շատ են, սակայն հակառակ այս բոլորին, կը ջանանք մեղմացնել զանոնք եւ լիբանանցիներուն բեռը թեթեւցնել:
«Ասիկա կատարելու համար մենք կարիքը ունինք խորհրդակցելու եւ գործակցելու հոգեւոր հեղինակութիւններուն հետ` նկատի ունենալով երկրին մէջ անոնց ներկայացուցած կշիռը, եւ Պքերքէ բոլորին հեղինակութիւնն է», ըսաւ Սալամ:
Վարչապետ Սալամ նշեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարեւորագոյն աշխատանքն է, «եւ եթէ մենք կրցանք կառավարութիւն կազմել, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական իշխանութիւնը վերաշխուժացնել, ապա պէտք է կարենանք նաեւ ամբողջացնել նախագահական ընտրութիւնները», նշեց ան:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց յաջորդող շաբաթներուն նկատմամբ իր լաւատեսութիւնը եւ հաստատեց, որ պէտք է վերջ տալ նախագահական ընտրութեան կայացումը կասկածի տակ առնելու մօտեցումին: «Ոչինչ կ՛արգիլէ նախագահական ընտրութեան կայացումը», եզրափակեց վարչապետ Սալամ:

