Բանակը Ձերբակալեց «Ապտալլա Ազզամ Փաղանգներ»-Ու Անդամ Մը

lebanon-lubnanԲանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երկար հետապնդումներէ ետք կրցած է ձերբակալել պաղեստինցի Պիլալ Քայետ Քայետը, որ «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ»-ու անդամ է եւ որուն դէմ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները հրապարակած են տարբեր բերման գիրեր:

Ըստ բանակին հաղորդագրութեան, Քայետ Քասիմիէի մէջ մեղսակցած է հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն սպանական ջոկատին դէմ յարձակումին, ինչպէս նաեւ գործած է մեծ թիւով ոճիրներ:

Միւս կողմէ, Թրիփոլիի Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն մէջ ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կը շարունակէ ներխուժումներ կատարել եւ մեծ քանակով զէնքեր գրաւել:

Սահմանային Հարց

Բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց նաեւ այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:40-ին, սահմանային Պասթրա շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժեր Կապոյտ գիծին մօտակայքը առեւանգած են լիբանանցի հովիւներ Հասան Քասեմ Զահրան եւ անոր եղբայրը` Իսմայէլը, ինչպէս նաեւ Նուհատ Օուատը, Ուաֆա Մուսան եւ Վուրուտ Մուսան:

Ըստ հաղորդագրութեան, իսրայէլեան ուժերը կէսօրուան ժամը 12:00-ին ազատ արձակած են առեւանգուած երեք կիները եւ իրենց հետ պահած լիբանանցի հովիւները:

Բանակը հաստատեց, որ ինք մօտէն կը հետեւի հովիւներու ազատ արձակումին համար ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն վարած բանակցութիւններուն:

Իր կարգին, ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անթուանեթ Նիտայ շեշտեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը ճիգ պիտի չխնայեն առեւանգուած քաղաքացիները ազատ արձակելու առումով:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Նաքուրայի ճամբով Իսրայէլ, ազատ արձակած է լիբանանցի հովիւները:

 

Share this Article
CATEGORIES