Սլէյման Նախագահեց Ապահովական Նիստի Մը

Ապահովական նիստէն պահ մը

Ապահովական նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կառոյցներուն պետերը:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրները:

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ դրուատեցին Թրիփոլիի եւ Պեքաայի մէջ գործադրուող ապահովական ծրագիրները եւ անոնց նկատմամբ լիբանանեան հանրային կարծիքին ունեցած գոհունակութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը շեշտեցին, որ որոշուած է տօնական օրերուն ընթացքին լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ, յատկապէս եկեղեցիներուն շրջակայքը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրել` ապահովելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ կանխարգիլելու համար ահաբեկչական որեւէ արարք:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ լիբանանեան սահմանային Թուֆայլ գիւղաքաղաքին իրավիճակը, անոր բնակչութեան ապրած ողբերգական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ գիւղաքաղաքին եւ Լիբանանի միջեւ ուղղակի ճամբաներու ապահովումը` օժանդակել կարենալու համար Թուֆայլի բնակիչներուն:

Նախքան ապահովական նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ: Քննարկուեցան քաղաքական, ապահովական եւ ապրուստի վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Ղազի Զաայթեր, նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, Ապապետականացման գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Հայեք եւ Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Իպրահիմ Հասի:

 

Share this Article
CATEGORIES