Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
«Հազար չափէ, մէկ կտրէ» կ՛ըսէ իմաստուն խօսքը: Այս կը նշանակէ, որ այսօր, երբ գործի մը սկսիք, նախապէս լաւ մտածած ըլլաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յետաձգեցէք այն այցելութիւնը, որ պիտի կատարէիք այսօր, որովհետեւ յաջողութիւն պիտի չունենայ: Վաղուան արեւը կրնայ բախտաբեր ըլլալ մի՛ փորձէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր միտքէն հեռացուցէք այն կասկածները, զորս կ՛ունենաք անհիմն կերպով: Լուսամիտ եւ լաւատես ըլլալը պիտի օգնէ ձեզի` առաջնորդուելու ճիշդ ուղիէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մօտեցէք զուարթ եւ սրամիտ բարեկամներու, մտմտուքով ժամանակ մի՛ անցընէք: «Հովը թող փչէ, ծովը թող շաչէ, աշխարհ հոգս չէ» ըսէ եւ աշխատեցէք եռանդով: Այս կը թելադրէ ձեր բախտը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր արհեստին կամ արուեստին զօրացման համար քիչ մը աւելի ուժ պէտք է կիրարկէք: Ուրիշներուն ըրածին մի՛ նայիք, հետեւեցէք ձեր ծրագրին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընթերցանութիւնը կրնայ նոր ճամբայ մը բանալ ձեր որոշած աշխատանքին իրագործման դիւրութեան: Նոր կարծիք պիտի ունենաք, որ օգտակար պիտի ըլլայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ նկատէք, որ կեանքը չի ժպտիր ձեզի, դուք ժպտեցէք անոր ձեր օրը կրնայ փոխուիլ յուսատու իրականութեան: Յոռետեսութիւնը հիւանդութիւն է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շնորհիւ ձեր աշխատասիրութեան եւ նպատակը հետապնդելու ջանքերուն` պիտի կարենաք ունենալ այն բանը, որ կ՛ակնկալէիք: օրը ունի հաճելի նորութիւն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Համաձայնեցէք` ընտանեկան հարց մը կարգադրելու: Առանձին տեսակէտ ունենալը այս պարագային խանգարում կը նշանակէ: Արգելք մի՛ ըլլաք որոշումին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ունիք կարեւոր աշխատանք մը, զոր յետաձգած էք: Այս որոշումը ի նպաստ ձեզի աւելի լաւ արդիւնք մը կրնայ տալ ապագային:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գլուխ գլխի հանդիպում մը պիտի ունենաք սիրելիի մը հետ: Երկուքով որոշում մը պիտի տաք ձեր ապագայի ծրագիրներուն վերաբերալ: Օրը բախտաբեր է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ծուլանալու ժամանակը չէ, գործի անցէք, որովհետեւ ունիք աշխատանքներ, որոնք կը կարօտին արագ կատարումի: Ոչինչ ձգեցէք վաղուան : Աշխո՛ւժ եղէք:

