50 Տարի Առաջ (19 Ապրիլ 1964)
Պէյրութ-Տահրան Գծին
Օդանաւային Ահաւոր Արկածը
Միտըլ Իսթի Քարաւելը Պարսից Ծոց
Ինկած Է 42 Ճամբորդներով Եւ Եօթը
Օդաչուներով, Որոնցմէ Մէկը` Հայ
Լիբանանեան քաղաքային օդանաւորութիւնը սուգի մատնուեցաւ շաբաթ օր: «Միտըլ Իսթ Էրլայնզ-Էր Լիպան» ընկերութեան պատկանող «Քարաւել» մը, որ կը գործէր Պէյրութ-Տահրան գծին վրայ, աւազամրրիկի պատճառով ինկաւ Պարսից ծոց, Տահրանէն 15 քմ հարաւ-արեւմուտք: Շատ քիչ յոյս կայ վերապրողներ գտնելու 42 ճաբորդներէն եւ եօթը օդաչուներէն եւ օդանաւի անձնակազմի անդամներէն, որոնցմէ հինգը` լիբանանցի:
Օդանաւը, զոր կը վարէր հազարապետ Լապիպ Ագըլ, Պէյրութէն մեկնած էր ուրբաթ ժամը 17:09-ին:
Ժամը 19:32-ին կը գտնուէր Տահրանի մօտերը եւ հսկողութեան աշտարակին կը յայտնէր, թէ կը պատրաստուի իջնելու: Անկէ ի վեր ամէն հաղորդակցութիւն կտրուած էր օդանաւին հետ:
Զօրաւոր աւազամրրիկ մը ուրբաթ իրիկուն կը փչէր Սէուտական Արաբիոյ արեւելեան գօտիին վրայ, տեսանելիութիւնը գրեթէ ոչինչ էր Տահրանի եւ Պահրէյնի շրջանին մէջ:
Շաբաթ առտու հրատարակուած զեկոյցով մը «Միտըլ Իսթ – Էր Լիպան» ընկերութիւնը կը յայտնէ, թէ թեքնիք յանձնախումբ մը գնաց դէպքին վայրը, ինքնամուղ օդանաւ մը: Միւս կողմէ, հետազօտութիւնները անմիջապէս սկսան` մասնակցութեամբ Տի.Սի.3-ի եւ «Արամքօ»-ի պատկանող «Քոնվեր»-ի մը, ամերիկեան ծովուժի երկու փոխադրական օդանաւերու, ամերիկեան 8 ուղղաթիռներու, սէուտական 3 զինուորական օդանաւերու եւ «Միտըլ Իսթ»-ի օդանաւի մը: Բացի այդ, անապատի 35 բեռնակառքեր, Ապքէքէն մեկնելով, եւ 16 այլ բեռնակառքեր Տահրանէն մեկնելով, մասնակցեցան հետազօտութիւններու, Պահրէյնի բրիտանական օդուժի խարիսխին օժանդակութեամբ:
Կէսօր չեղած` Քարաչիէն եկող «Միտըլ Իսթ»-ի օդանաւ մը, որ լուր կու տար, թէ տեսած է օդանաւը ծովուն վրայ: Տահրանէն 15 քմ. հարաւ-արեւմուտք: Անմիջապէս ազատարար խումբեր մեկնեցան այդ վայրը, ուր առաջին հասնողը եղաւ Արքայական օդուժի մակոյկ մը:
Օդանաւը ինկած էր 6 մեթր խորերը: Առաջին տեղեկագրերուն համաձայն, օդանաւին քիթը անջատուած էր մարմնէն եւ միայն մէկ թեւը մտած էր ջուրին երեսը:
«Արամքօ»-ի սուզակները անմիջապէս իջան հաւանական վերապրողները վեր հանելու համար, բայց ոեւէ վերապրող չգտան:
Օդանաւին 42 ճամբորդները հետեւեալ ազգութիւններուն կը պատկանին. 23 ամերիկացի, 11 սէուտցի, 4 լիբանանցի, 1 սուրիացի, 1 յորդանանցի, 1 պահրէյնցի, 1 պաղեստինցի:
Անձնակազմի 7 անդամներէն հինգը լիբանանցի են, որոնցմէ մէկը հայ մը` Կարապետ Պարսումեան (սթիուըրտ), մէկ ֆրանսացի եւ մէկ զուիցերիացի:
Ամերիկացիներէն 11-ը «Արամքօ»-ի պաշտօնեաներ էին եւ իրենց պաշտօնատեղին կը վերադառնային, քանի մը օր արձակուրդով Լիբանան մնալէ ետք:
Ո՞Վ Է Կարապետ Պարսումեան
Պէյրութ-Տահրան օդանաւային արկածին զոհ գնաց հայ երիտասարդ մը` Կարապետ Պարսումեան, որ Պհամտունի ծանօթ աղէտին հազուագիւտ վերապրողներէն մէկն էր:
Եղած է ուսանող Հայկազեան քոլեճի, զոր աւարտելէ ետք, 1963-ին մտած էր «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւն` իբրեւ սթիուըրտ:

