Զատիկ Է
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Զատկուան օրը կը նշէ Յիսուսի յարութեան յիշատակութիւնը:
Քրիստոնէութեան առաջին շրջաններուն Արեւելքի եկեղեցիները Զատիկը կը տօնէին գարնան գիշերահաւասար օրուան յաջորդող լիալուսինէն առաջ վերջին օրը` յիշատակելով Յիսուսի մահը: Յիսուսի յարութեան յիշատակութիւնը տեղի կ՛ունենար երկու օր ետք:
Սովորութիւններ
Եւրոպական երկիրներու մեծամասնութեան մէջ եկեղեցիի զանգակները, որոնք Զատիկի իսկական խորհրդանիշն են, հնչելէ կը դադրին Աւագ ուրբաթէն մինչեւ Զատիկի կիրակին, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, անոնք Հռոմ կ՛երթան հաւկիթներով բեռնաւորուած վերադառնալու համար: Վերադարձին անոնք կ՛անցնին պարտէզներուն մէջէն, ուր կը նետեն իրենց հաւկիթները:
Սակայն եւրոպական այլ երկիրներու մէջ Զատկուան լուրը բերողները զանգակները չեն. Թիրոլի շրջանին մէջ հաւն է, Զուիցերիոյ մէջ գուգուն է, Գերմանիոյ մէջ` ճերմակ նապաստակ մը, իսկ անգլիախօս երկիրներուն մէջ` վայրի նապաստակ մը:
Իտալիոյ մէջ վարդապետը կ՛օրհնէ Զատիկի հաւկիթները: Զատկուան կիրակիի ճաշին ընթացքին տանտիկինը այդ հաւկիթները կը դնէ սեղանին կեդրոնը, որուն շուրջ կը հաւաքուի ամբողջ ընտանիքը: Խրախճանքը կրնայ սկսիլ:
Աւստրալիոյ մէջ ալ Զատկուան օրը նապաստակն է, որ կը բերէ հաւկիթները եւ զանոնք կը պահէ պարտէզին մէջ: Մանուկները շատ հաճելի ժամանակ կ՛անցընեն այդ պահուած հաւկիթները փնտռելով:
* * *
13-րդ դարէն ի վեր է, որ ներկուած հաւկիթները իսկապէս յայտնուած են: Անոնք կը փոխանակուէին Մեծ պահքի վերջաւորութեան առիթով` այս ձեւով խորհրդանշելով ձմրան զրկանքներու շրջանին աւարտը:
Զատկուան այս հաւկիթները տուրմէ են: Այս սովորութիւնը համեմատաբար նոր է: Տարբեր կաղապարներով ձեւաւորուած տուրմերը յայտնաբերուած են 19-րդ դարու սկիզբը: Մարդիկ հաւկիթներ կը ներկեն եւ կը զարդարեն աշխարհի չորս կողմերը: Կարգ մը երկիրներու մէջ ասիկա իսկական արուեստ կը համարուի:
Իսկ դուն արդէն ներկած եւ զարդարա՞ծ ես քու հաւկիթներդ:
Երջանկութեան Միջազգային Օր
Գիտէի՞ր, թէ 20 մարտը հռչակուած է Երջանկութեան միջազգային օր: Անիկա ստեղծուած է 2013 թուականին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ, որուն պաշտօնն է խաղաղութիւն ապահովել ամբողջ աշխարհին մէջ: Երջանկութիւնը մարդոց իրաւունքներէն մէկն է, որ պետութիւնները պէտք է ապահովեն իրենց ժողովուրդին համար, նոյնիսկ եթէ երկիրը պատերազմական վիճակի մէջ է կամ տնտեսական տագնապ կ՛ապրի:
Այս պատճառով է, որ 20 մարտին ՄԱԿ-ը իր անդամ 193 երկիրներէն կը պահանջէ որոշումներ կայացնել իրենց բնակիչներուն կեանքը բարելաւելու համար, յատկապէս` մանուկներուն:
Ամէնէն Երջանիկ Երկիրը
Պութանը Հիմալայայի շրջանին մէջ պզտիկ երկիր մըն է: Անոր թագաւորը որոշած է, որ իր երկրին արժէքը պիտի չհաշուըւէր ըստ ժողովուրդին շահած դրամին չափով, այլ անոր բնակիչներուն երջանկութեան չափով: Այս երեւոյթն է, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան տուած է Երջանկութեան միջազգային օրուան գաղափարը: Սակայն Պութանի մէջ չէ, որ մարդիկ ամէնէն ուրախը կ՛ապրին, այլ` Դանիոյ մէջ:
2013 թուականին ան տակաւին կը գտնուէր ՄԱԿ-ի տարեկան երջանկութեան տեղեկագիրի ցանկին առաջին կարգին վրայ: Ահա 40 տարիներ է, որ ան այդ դիրքին վրայ կը գտնուի:
Սակայն դանիացիները ամէնէն շատ տուրք վճարող եւրոպացիներն են, անոնց երկիրը պարտքի տակ է, ձմեռները երկար են եւ անոնք քիչ արեւ կը տեսնեն…
Հակառակ անոր` դանիացիները իրենք զիրենք ապահով կը զգան իրենց երկրին մէջ, ուր շատ քիչ անհաւասարութիւններ կան եւ անգործներուն թիւը քիչ է: Ասոնք են ամէնէն կարեւոր կէտերը: Ըստ երեւոյթին, սկանտինաւեան երկիրները երջանկութեան «ձիրքը» ունին, որովհետեւ այդ ցանկին մէջ Դանիոյ կը յաջորդեն` Նորվեկիան, Հոլանտան եւ Շուէտը:
Ձեռային Աշխատանք.
Գոյնզգոյն Նապաստակներ
Պարզապէս գոյնզգոյն ծալուած այս թուղթերով նապաստակները կրնաս գործածել զարդարելու համար կիրակի օրուան ճաշի սեղանը` իւրաքանչիւր պնակի քով դնելով տարբեր գոյնի նապաստակ մը:
Այս աշխատանքը իրագործելու համար պէտք պիտի ունենաս պարզապէս գոյնզգոյն թուղթերու:
Ուշադրութեամբ հետեւիր ծալուածքի բացատրութիւններուն` նապաստակը շինելու համար:
Խոհագիր
Զատկուան Տուրմ
Դուրսէն անոնք կը նմանին Զատկուան հաւկիթներու` գունաւոր եւ զարդարուած: Բայց երբ դուն անոր կեղեւը հանես, պիտի կարենաս համով տուրմ մը ճաշակել:
Պէտք ունիս
4 հաւկիթի, 200 կրամ կարկանդակի յատուկ սեւ տուրմի, 15 սանթիլիթր քրեմ ֆրեշի, քիչ մը կասիայի:
Պատրաստութիւն
1.- Հաւկիթները ջուրով լուա՛յ եւ չորցո՛ւր: Չափահասէ մը խնդրէ, որ հաւկիթներուն մէկ ծայրը դանակով մը պզտիկ ծակ մը բանայ:
2.- Կեղեւներուն մէջէն պարպէ հաւկիթները: Կրնաս անոնցմով կարկանդակ մը կամ ձուածեղ շինել:
3.- Հաւկիթի պարապ կեղեւները ջուրով լա՛ւ մը ցողուէ: Ետքը կրնաս զանոնք թեթեւ կրակով փուռին մէջ դնել 10 վայրկեան, որ չորնան:
4.- Պզտիկ կաթսայի մը մէջ դիր կտրտուած տուրմը: Վրան աւելցուր 10 սանթիլիթր քրեմ ֆրեշ:
5.- Պեն մարին պատրաստէ: Մեծ կաթսայի մը մէջ մինչեւ կէսը ջուր դիր, ձգէ՛, որ տաքնայ:
6.- Պզտիկ կաթսան դիր ջուրով լեցուն կաթսային մէջ եւ ձգէ՛, որ տուրմը դանդաղօրէն հալի:
7.- Տուրմը կրակին վրայէն հանէ:
8.- Պզտիկ դգալով մը հալած տուրմէն լեցուր հաւկիթներուն պարապ կեղեւներուն մէջ:
9.- Տուրմով լեցուած հաւկիթները հաւկիթի տուփին մէջ շարէ եւ զանոնք 1 ժամ սառնարանը դիր, որ պաղին:
Հաւկիթները տուրմով լեցնել առաջ կրնաս զանոնք ներկել ուտելիքի յատուկ ներկերով:
Կրնաս նաեւ, երբ տուրմը սառի, հաւկիթները հանել սառնարանէն եւ զանոնք զարդարել վրան թուղթէ զարդարանքներ, փետուրներ դնելով` անոնց տարբեր կերպարներու ձեւը տալու համար:


Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել մեծ մամային հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եօթը տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակները

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

