Լուսանկարը…
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Մտքէ չէր անցներ, որ իբրեւ երախտագիտութիւն Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի ճամբով լիբանանահայ դպրոցներու աշակերտութեան հաւաքական եւ հետեւողական ջանքերով ու նուիրաբերութեամբ իրենց ընծայուած փոքր հանրակառքին, կրնային նոյն հանրակառքին հետ լուսանկարուիլ ու լուսանկարը ղրկել սփիւռքի այս ափերուն ծուարած հայրենազուրկ իրենց տարեկիցներուն:
Մտքէ չէր անցներ, որովհետեւ լիբանանահայ աշակերտները, արդէն եօթներորդ տարին ըլլալով, Արցախի կրթութեան նախարարութեան հետ համախորհուրդ, Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ին հաստատած «Գոյք Արցախի դպրոցներին» բարեգործական ծրագիրը իրագործելու ատեն, բնաւ ալ երախտագիտութեան ակնկալել մտքէ չէին անցներ:
Իւրաքանչիւր աշակերտ, փոխան արցախեան թեմայով դաստիարակիչ տեսերիզի մը, ամէն տարի կատարած է ու կը կատարէ իր նուիրատուութիւնը` այսպիսով կաթիլ կաթիլ հաւաքուած գումարով ազատագրուած տարածքի դպրոց մը կահաւորուի, գրասեղանով, գրապահարանով, համակարգիչով ու այլ պիտոյքներով օժտելու համար: Եւ այս բոլորը` առանց երբեւէ արցախեան ազատագրուած այդ տարածքներն ու անոնց բնակիչները տեսած ըլլալու, անոնց դժուարին կենցաղային պայմանները պատկերացուցած ըլլալու…
Եւ ահաւասիկ, առաջին շօշափելի հանդիպում մը տեղի կ՛ունենայ` շնորհիւ ուղարկուած այս լուսանկարին. Կովսականի մանկապատանեկան ազգագրական պարախումբը` լուսանկարուած իր ստեղծագործական կեանքին համար այնքան անհրաժեշտ նոր նուիրուած փոխադրամիջոցին առջեւ…
Առաջին ակնարկով խումբ մը մանուկներ եւ պատանիներ են սոսկ` խմբուած ու լուսանկարուած հանրակառքի մը առջեւ: Ո՛չ մէկ արտառոց բան: Սակայն եթէ թափանցես պատկերին խորքը, նախ անմիջապէս պիտի նկատես հեռուի աւերակները` հայրենիքիդ այդ հատուածին պատերազմի արհաւիրքին մէկ պատկերը:
Հեռուն` ազատագրուած լեռներ: Իսկ մօտիկը… քսան խեղուած մանկութիւններ, որոնք, չես գիտեր ճակատագրի ի՛նչ հեգնանքով, իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը կ՛ապրին աւերատեսիլ այդ վայրերուն մէջ, ուր ամէն կողմ մօտիկ անցեալի վայրագ դրուագներու տխուր վկայութիւններ են լոկ, որոնք չեն կրնար բացասական հետք չթողուլ իրենց կեանքին ու բարոյահոգեբանական վիճակին վրայ:
Ասոր վկան եղած եմ աւելի քան տասնեակ մը տարի, երբ Շուշին աւերուած կը մնար եւ չունէր հետզհետէ բարեկեցիկի հասնող իր քաղաքային արտաքին տեսքը: Այն օրերու եւ այսօրուան սերունդին հոգեվիճակին տարբերութիւնը ակներեւ է: Եւ այս պայմաններուն մէջ է, որ բազմակի կը նուիրականանայ հանրայայտ «Մարաթուկ» համոյթի նախկին անդամներէն Կարէն Մարտիրոսեանի ջանքերը, որ կայք հաստատելով Կովսականի մէջ, ստեղծելով այս երգեցիկ ու պարային համոյթը` նոր ժպիտ ու կենսուրախ պահեր կը պարգեւէ նախ այս փոքրերուն եւ ապա, անոնց ճամբով , տարածաշրջանի ամբողջ բնակչութեան:
Խումբին անդամները ցրուած կը բնակին իրարմէ տասնեակ մը քիլոմեթրներ հեռու գտնուող իրենք զիրենք նորոգել փորձող ու նոր շնչառութեան ձգտող գիւղերու մէջ, ուր մանաւանդ ձմրան օրերուն հանրային կազմակերպ փոխադրամիջոցէ ալ զուրկ են: Այս պայմաններուն մէջ անհարթ ճամբաներով փորձերու երթեւեկը շատ դժուար է: Նախապէս այս փոքրերը նպատակասլաց կերպով քալելով կ՛երթեւեկէին գիւղէ գիւղ` անտեսելով ճամբու տապն ու փոշին, ձիւնն ու ցուրտը: Հիմա գործնականօրէն արդէն փոխուած է կացութիւնը եւ այս իմաստով նշանակալից օրհնութիւն մըն է լիբանանահայ աշակերտութեան նուիրաբերած հանրակառքը խումբին համար: Ալ չենք խօսիր ուրախառիթ այն փաստին մասին, որ այս օրերուն սպիտակ այս նոյն հանրակառքով համերգներու համար խումբը հասած է մինչեւ քաղաքամայր Երեւան…
Աւերակներու համայնապատկերով այս լուսանկարին մէջ թափանցել կարելի է թերեւս եւ ինչքան ալ յոգնեցուցիչ ըլլայ, կարելի է նոյնիսկ այցելել նաեւ ազատագրուած այդ անծայրածիր տարածքը, ուր աւերակ ամէն մէկ տուն, լքուած ամէն մէկ ծառ, քարքարոտ ու դժուար անցեալի ամէն մէկ ճամբայ ՄԱ՜ՐԴ կ՛աղաղակէ… քիլոմեթրերով ճամբայ կը կտրես ու սիրտ ծակող ամայութիւնը կրկին ՄԱ՜ՐԴ կ՛աղաղակէ… սակայն դժուարն ու անհնարինը այս երախտապարտ փոքրիկ երգողներուն ու պարողներուն աչքերուն մէջ երկար նայիլն է… անոնք այդ աւերակներուն մէջ հիմնական ու լուսարար հիանալի երեւոյթ մըն են, որոնց խրոխտ երգն ու պարը տարօրինակօրէն չի համապատասխաներ իրենց դժուարին առօրեային:
Տեսէ՛ք, ահաւասիկ շարուեր եւ լուսանկարուեր են իրենց նուիրուած հանրակառքին հետ եւ լիբանանահայ աշակերտին «Մենք երախտագէտ ենք» կ՛ըսեն… Ապրի՛ք, հազա՜ր ապրի՛ք: Ձեր շնորհիւ է, որ ազատագրուած հայրենիքին համար թափուած արիւնը կը նուիրագործուի: Թող որ ձեր ամէն մէկ երգն ու պարը ձեր կեանքի դժուարին հեւքին նոր շունչ ու ոգի ներշնչէ ու վիրաւոր հայրենիքին բալասան ու սպեղանի դառնայ, սակայն լիբանանահայ աշակերտը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ արտայայտել ի՛ր սէրն ու երախտագիտութիւնը հաւասարապէս ի՛ր ալ հայրենիքի այս հատուածին կեանք տուող կեանքով լի երախտագէտներուդ…

