Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարածը Մասնակցեցաւ Լոնտոնի Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէսին
8-10 ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ Լոնտոնի Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսը «Ըրլզ քորթ քոնֆըրընս» ցուցասրահին մէջ: Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, նախաձեռնութեամբ Լոնտոնի Համայնքային խորհուրդին, գործակցութեամբ Հայաստանի դեսպանատան եւ կազմակերպութեամբ այս առիթով յառաջացած յանձնախումբին, կարելի եղած էր ունենալ հայկական յատուկ տաղաւար մը: Առաջին տարուան յաջող փորձառութենէն ետք, որուն օրին մասնակից դարձած էր Համազգայինի հրատարակչատան գրատարածը, այս տարեշրջանին հայկական տաղաւարին մէջ կարելի եղաւ համախմբել Հայաստանէն եւ սփիւռքէն 30 հրատարակչատուներ, հրատարակիչներ եւ գրողներ: Յատկանշական էր այս տարի Պոլսոյ հայկական հրատարակչատուներու մասնակցութիւնը: Տաղաւարին մէջ ցուցադրութեան դրուած էին Հայ դատի մասին վերջին տարիներուն հրատարակուած պատկառելի թիւով գիրքեր, հայկական թեմայով օտարալեզու գրականութիւն, ինչպէս նաեւ` հայերէնով մշակութային, պատմական, գրական, բանասիրական եւ մանկական հրատարակութիւններ:
Համազգայինի հրատարակչատունը այս ցուցահանդէսին մասնակցեցաւ հայերէն եւ օտարալեզու հրատարակութիւններով: Հայկական տաղաւարը արժանացաւ օտարներու մեծ գնահատանքին: Կարգ մը օտար հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներ այցելեցին հայկական տաղաւարը եւ հայերէնով որոշ հրատարակութիւններու թարգմանութեան գծով կայացուցին նախնական համաձայնութիւններ:
Ապրիլ 8-ի երեկոյեան հայկական տաղաւարին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Լոնտոնի Համայնքային խորհուրդի, Հայաստանի դեսպանատան եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` օտար հիւրեր: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ հայկական տաղաւարի ներկայացուցիչ Չարլզ Մալաս ներկայացուց մասնակից հրատարակչատուները եւ հրատարակիչները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անհատներուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ սատարեցին այս ծրագրի յաջողութեան: Այս առիթով ողջոյնի խօսքեր փոխանցեցին նաեւ Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Ներսէս Տէր Վարդանեան, ինչպէս նաեւ` Լոնտոնի թեմի առաջնորդ սրբազանին ներկայացուցիչը:
Ուրբաթ, 12 ապրիլին, Լոնտոնի Համազգայինի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ գիրքերու ցուցահանդէս- վաճառք: Այս առիթով խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Հրաչ Պօղոսեան: Ան բարձր գնահատեց Լոնտոնի Միջազգային ցուցահանդէսին այսքան մեծ թիւով հայկական հրատարակչատուներու մասնակցութիւնը եւ մաղթեց,որ այս ծրագիրը կը ստանայ տարեկան հետեւողական բնոյթ: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ գիրքի ու գրականութեան կարեւորութեան մասին եւ մաղթեց, որ այսպիսի ձեռնարկներ նոր խթան հանդիսանան հայ լեզուի ու գրականութեան պահպանման ու զարգացման: Ապա բեմ հրաւիրեց Համազգային «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը` այս առիթով փոխանցելու իր խօսքը:


Հաւաթեան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Լոնտոնի Միջազգային ցուցահանդէսին- ինչպէս նաեւ Համազգայինի կազմակերպած ցուցահանդէս վաճառքին կազմակերպման սատարած բոլոր անհատներուն: Ան աւելցուց, որ Լոնտոնի մէջ այսքան մեծ թիւով հայ հրատարակիչներու ներկայութիւնը դրական եւ քաջալերական ցուցանիշ մըն է, եւ հակառակ հայ գիրի, գրականութեան եւ ընթերցանութեան դիմագրաւած այսօրուան մարտահրաւէրներուն` ահաւասիկ Եւրոպայի այս կարեւոր քաղաքին մէջ այս համախմբումը խոր վստահութիւն ներշնչող գործօն է եւ ապագայի հանդէպ ապահով գրաւական: Ան անհրաժեշտ նկատեց համահայկական զօրակցութեան եւ գուրգուրանքի մնայուն առանցք դարձնել հրատարակչական մարզը, որովհետեւ այս ձեւով կարելի կ՛ըլլայ երաշխաւորել հայ ժողովուրդին գոյութիւնը եւ անոր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանումն ու զարգացումը: Ան աւելցուց, որ հոսանքն ի վեր թիավարելու եւ հաւաքական պատասխանատուութեամբ այս գործը շարունակելու անհրաժեշտութենէն մեկնած` հայ հրատարակչական մարզի նոր ծրագիրները եւ նախաձեռնութիւնները հարկ է, որ ստանան բոլոր գաղութներու զօրակցութիւնը: Լոնտոնի Գիրքերու միջազգային փառատօնը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան համար առիթ դարձաւ համագործակցութեան նոր ոլորտներ ստեղծելու հայկական տարբեր հրատարակչատուներու հետ, ինչպէս նաեւ նախնական համաձայնութիւններ` օտար հրատարակչատուներու հետ մանկապատանեկան արդիական եւ ժամանակակից նոր գործերու թարգմանութեան համար:
Ցուցահանդէսի աւարտին կազմակերպիչ մարմինի եւ մասնակից հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին նախնական պայմանաւորուածութիւն կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով յառաջիկայ տարի եւս հայկական տաղաւարը ներկայութիւն ըլլայ Լոնտոնի Միջազգային ցուցահանդէսին, եւ այս առիթով շեշտը դրուի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի հրատարակութիւններուն վրայ:

