ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան

krataran-zadigՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ի առաւօտուն Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զատկուան հաւաքոյթ, որուն ներկայ գտնուեցան գրադարան յաճախող եւ անոր բարեկամ փոքրիկներ: Գրադարանի հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկը նախ կը յատկանշուէր անով, որ ներկայ փոքրիկները ԼՕԽ-ի հիւրերն էին, եւ երկրորդ` ձեռնարկին կ՛օժանդակէր «Ժպիտ» միութիւնը: Շրջանային վարչութեան անդամուհիներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ «Ժպիտ»-էն ներկայացուցիչներ:

Հաւաքոյթին բացման խօսքը կատարեց գրադարանի ուսուցչուհին. ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Շրջանային վարչութեան` գրադարանին ցուցաբերած հոգածութեան եւ բարի վայելում մաղթեց փոքրիկներուն: Ապա յանձնախումբի մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեան խօսք առնելով` անոնց ծանօթացուց «Ժպիտ» միութեան տարած աշխատանքը եւ նպատակը` հայ մանուկին դէմքին միշտ ժպիտ մը տալ:

Յանձնախումբը պատրաստած էր հաւաքոյթին յատուկ դաստիարակչական խաղեր, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին բոլոր փոքրիկները:

Հաւաքոյթին անխուսափելի էր հաւկթախաղը, որմէ ետք «Ժպիտ» միութիւնը բոլոր փոքրիկներուն տրամադրեց Զատկուան յատուկ ծրարներ:

Ձեռնարկի աւարտին բոլորն ալ իրարմէ բաժնուեցան ուրախութեամբ եւ ժպտուն դէմքերով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES