ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղի Կորուստները

Վերջին տարիներուն ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը իր հաւատաւոր անդամներէն կորսնցուց աննման ընկերուհիներ, որոնք ծառայութեան եւ նուիրումի տիպար օրինակներ եղած էին, միշտ պատրաստ` իրենց սիրած միութեան եւ մասնաւորաբար Նոր Մարաշ «Աշխէն» մասնաճիւղի վերելքին սատարելու:

Կորսնցուցինք վեթերան ընկերուհի Մաքրուհի քոյրիկ Պասմաճեանը, տիկին Մարի Քէօյլեանը (Հաճի Մարին), Ծաղիկ Մկրտիչեանը, Սրբուհի Գազեզեանը, Շնորհիկ Լատոյեանը: Իրաւամբ` նուիրումի ախոյեան ընկերուհիներ, որոնք եղած էին մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, յանձնախումբերու մէջ պաշտօններ ստանձնած: Մասնակցած էին Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատգամաւորական ժողովներուն:

Այսօր կը զգանք անոնց բացակայութիւնը, երբ կը հաստատենք նոր սերունդին տարբեր պարտաւորութիւններով զբաղած ըլլալը, հետեւաբար սկսած ենք մոմով փնտռելու, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը, նման տիպարներ, ազգային եւ ընկերային, ընտանեկան եւ բարոյական մեր աւանդապահ նպատակները իրագործելու:

Զգալի է անոնց բացակայութիւնը: Կը յուսանք, որ նոր դէմքեր, երիտասարդուհիներ կը միանան մեզի` լեցնելու համար ստեղծուած բացը:

***

LousineKhatchadourianԱնցնող ամիսներուն Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր անդամուհիներէն երկու նուիրեալ եւ հաւատաւոր ընկերուհիներ` Լուսին Խաչատուրեան եւ Ալիս Տօնապետեան:

Երկուքն ալ միջին տարիքի, իրենց խանդավառութեան տարերքին մէջ, պատրաստ եղած են օգտակար ըլլալու մասնաճիւղի ձեռնարկներուն յաջողութեան: Անոնք ԼՕԽ-ը կը նկատէին իրենց ընտանիքը, կարելիին սահմանին մէջ կը ծառայէին ամբողջական նուիրումով, անսակարկ: Կու տային իրենց նիւթական թէ բարոյական աջակցութիւնը, մասնաւորաբար երբ ճաշերու պատրաստութեան ձեռնարկ մը որոշուած ըլլար: Մայրական ընծայաբերում մը, որ ինքնաբուխ էր եւ նկատառելի:

Լուսին Խաչատուրեան տարիներ շարունակ մաս կազմած էր մասնաճիւղի վարչական կազմերուն, լուռ եւ պատրաստակամ յանձն կ՛առնէր պարտականութիւններ: Սիրտը բաց, ընկերային մթնոլորտ ստեղծող:

Իր մահը եղաւ անակնկալ մը, որովհետեւ հիւանդութիւն մը չունէր, բայց կը թուի, թէ դաւադիր ախտը գաղտնաբար վնասած է անոր սրտին` պատճառ դառնալով յանկարծակի մահուան:

Այս քանի մը տողերը քաղցր յիշատակի մը արձագանգը թող ըլլան իր բարեսէր եւ ազգանուէր հոգիին:

***

AliceDonabedianԱլիս Տօնապետեանն է մեզմէ յաւէտ բաժնուած ընկերուհին:

Որեւէ ծրագրի մասին երբ ծառայութեան մը կարիքը կ՛ունենայինք, ընկերուհի Ալիս Առաջիններէն կ՛ըլլար` «ներկայ» ըսելու:

Ձեռնածալ չէր մնար, հայ կնոջ նուիրումով կը ստանձնէր աշխատանքներ եւ անմիջապէս կ՛իրագործէր: Մայրական նուիրում մը` ԼՕԽ-ի սիրոյն:

Ալիս Տօնապետեան փնտռուած ընկերուհի մը եղաւ: Իր բացակայութեամբ որոշ աշխատանքներ մնացած են տակաւին իրագործելի, մինչեւ որ ունենանք նոր կամաւորուհի մը` ծառայութեամբ սատարելու մասնաճիւղի վերելքին: Յստակ է բոլորիս համար, որ նոր սերունդի մեր զաւակները ստանձնած են աշխատանքի նոր ոլորտներ, ուր ստիպուած են ընդհանրապէս կատարելու կեանքին պահանջած նոր օրերու տնտեսական թէ ընկերային եւ ընտանեկան պարտաւորութիւնները:

Այսուհանդերձ, մեր ակնկալութիւնն է, որ մեր շարքերուն միանան նոր Ալիսներ եւ նոր Լուսիններ, որպէսզի մնանք պատնէշի վրայ: Յարգա՛նք մեզմէ յաւէտ բաժնուած ընկերուհիներու յիշատակին:

ԼՕԽ-Ի «ԱՇԽԷՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Share this Article
CATEGORIES