Թմրամոլութեան Դէմ Արշաւը Կը Շարունակուի…
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, լայնախոհութեամբ հետեւելով հայ երիտասարդութեան սպառնացող վտանգներուն, որոնցմէ ամէնէն ահաւորը կը նկատուի թմրեցուցիչի գործածութիւնը եւ ոգելից ըմպելիներու չարաշահումը, իր 26 մասնաճիւղերու վարչութիւններուն ուսերուն դրած էր յաւելեալ պատասխանատուութիւն մը` ընդառաջել առողջապահական յանձնախումբին ծրագրած «Թմրամոլութեան դէմ արշաւ»-ին: Այս ծիրին մէջ կայացող շրջուն դասախօսութիւնը` «Ո՛չ թմրեցուցիչին եւ թմրամոլութեան» նիւթով, ներկայացնելու միտումով կը կազմակերպուին թէյասեղան կամ նախաճաշի ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին վերոյիշեալ նիւթով տեղի կ՛ունենայ զրոյց-դասախօսութիւն:
Հետեւաբար Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ գործող ԼՕԽ-ի 7 մասնաճիւղերու («Արագած», «Ազիրեան», «Կարինէ», «Շուշանիկ», «Անահիտ», «Ռուբինա» եւ «Աշխէն») վարչութիւնները միասնաբար կազմակերպեցին թէյասեղան մը, հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Սարդարապատ» ակումբի սրահին մէջ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց առողջապահական յանձնախումբին կողմէ Շաքէ Պարմաքսզեան, որմէ ետք Սիրուն Վարդապետեան ներկայացուց այդ մոլութեան գործած աւերները, որոնցմէ են` վնասել անհատին ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս, անոր մօտ ստեղծել կախեալ եւ ախտաբանական վիճակներ:
Ան նաեւ թուեց թմրեցուցիչներու տեսակները, օգտագործման եղանակները` շեշտը դնելով այս բոլորին կանխարգիլման եւ բուժման միջոցներու վրայ, նշելով միաժամանակ, որ ատիկա կարելի է իրականացնել համագործակցաբար երիտասարդութեան, դպրոցներու, ակումբներու եւ ընտանիքներու հետ:
ԼՕԽ-ը իր բազմածաւալ ծառայութիւններուն զուգահեռ, տարբեր բնագաւառներու մէջ ունի տարբեր մտահոգութիւններ, որոնցմէ առաջնահերթը հայ երիտասարդութեան առողջութիւնն է, որովհետեւ անոնցմէ կախեալ է, թէ ապագային ինչպիսի՛ սերունդ պիտի ունենայ հայ ժողովուրդը:

