Ուխտագնացութիւն

oukhdaknatsoutyoun-garineh-masnadjughԱյս տարուան գարնան առաջին օրը ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին համար իւրայատուկ էր. վարչութիւնը ուխտագնացութիւն մը կազմակերպած էր դէպի Մար Շարպել:

20 մարտ, 2014-ի առաւօտուն, շուրջ 85 ուխտաւորներ, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան դէպի Աննայա գիւղը: Սուրճով եւ անուշեղէնով դիմաւորուելէ ետք վարչութեան կողմէ, անոնք այցելեցին վանքը, մասնակցեցան օրուան Ս. պատարագին, մոմեր վառեցին, աղօթեցին, կատարեցին իրենց ուխտը, շրջեցան նաեւ սուրբին թանգարանը:

Ապա առաջնորդուեցան վանքին մօտակայ ճաշարանը, ուր ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս երգեցողութենէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Ժանեթ Հաւաթեան կատարեց բացման խօսքը:

Պատրաստուած էր կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին Մարալ Պաղտասարեան հարցում-պատասխանի ձեւով ներկաներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց ԼՕԽ-ի պատմականին եւ յատկապէս «Կարինէ» մասնաճիւղին մասին:

Կատարուեցան նուիրատուութիւններ, վիճակաձգութիւն, եւ բախտաւորները ստացան նուէրներ` տրամադրուած այն վաճառատուներուն կողմէ, որոնք մեծ հաւատք ունին ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութեան նկատմամբ:

Ձեռնարկի աւարտին ուխտաւորները գօտեպնդուած հաւատքով եւ ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները:

Share this Article
CATEGORIES