ԼՕԽ-ի Հանգանակութիւն
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի տարիներու աւանդութիւն դարձած հանգանակութիւնը ընթացք առաւ 4 ապրիլին եւ աւարտեցաւ 9 ապրիլ 2014-ին: Շնորհիւ ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան, քարոզչական յանձնախումբին եւ Լիբանանի տարածքին վրայ գտնուող 26 մասնաճիւղերուն հետեւողական ճիգերուն, կարելի եղաւ անգամ մը եւս իրագործել հանգանակութիւնը` ի նպաստ հայ աշակերտին, ծերունիին, կարիքաւորին թէ հիւանդին բարօրութեան: Այս բեղուն եւ լայնածաւալ աշխատանքին իրենց ներդրումը ունեցան բարերարներ, անհատներ, նուիրատուներ, միութիւններ վարժարաններ եւ խաչուհիներ:
Այդ առիթով, հանգանակութեան աւարտին ուրբաթ, 11 ապրիլ 2014-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, քարոզչական յանձնախումբին եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու, կատարուեցաւ հանգանակուած գումարներու փոխանցում-հաշուեկցում:
Վարչութիւններ անցնող օրերուն ամէն ճիգ ի գործ դրած էին ի խնդիր վերոյիշեալ ծրագրին յաջողութեան. անոնք հոգեկան անհուն գոհունակութեամբ ներկայացան «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ Շրջանային վարչութեան տրամադրութեան տակ դրին 2014-ին հայորդիներէ հանգանակուած` իրենց հայ եղբայրներուն ու քոյրերուն վերադարձնելի գումարները:
Առ այդ, լիբանանահայ օգնութեան խաչը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին հանգանակութեան բարեյաջող ընթացքին:
Վա՛րձքը կատար բոլորին:

