Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի Ոգեկոչում

IMG_0924ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դատիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած ապրիլեան ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 14 ապրիլ 2014-ին:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք Լենա Գալուստեան կատարեց բացման խօսքը` ըսելով. «Ապրիլ 24, 1915, մարդկային պատմութեան ամէնէն ահռելի ոճիրը, ազգի մը բնաջնջման թուականը, աշխարհի առաջին ցեղասպանութիւնը: Հնագոյն շրջաններէն Հայաստանը յաճախ ենթարկուած էր յարձակումներու, քանդումի, կոտորածի, բայց տարբեր եղաւ 1915 թուականի ապրիլ 24-ի արհաւիքը: Ամբողջ մտաւորական սերունդ մը, ամբողջ ժողովուրդ մը խողխողուեցան: Ամբողջ երկիր մը, արեամբ ու իտէալով նուիրագործուած հայրենիք մը մատնուեցաւ կրակի ու թալանի: Բայց եւ այնպէս Թուրքիան կը մնայ անպատիժ, կը մերժէ հատուցել, թուրքը կը մնայ արիւնարբու, ոխակալ եւ ոճրագործ: Սփիւռքի մէջ պահենք մայրենի լեզուն, մեր մշակութային գանձերը, նոր սերունդները դաստիարակենք ազգային աւանդութիւններով եւ պահանջատիրութեամբ: Այսպիսով, արժանաւոր ժառանգորդները կ՛ըլլանք մեր նահատակներուն»:

Ապա Մակի Մկրտիչեան-Տէր խաչատուրեան Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատունը»-էն հատուած մը ասմունքեց տպաւորելով ներկաները:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը կրէր «Ինչո՞ւ աղմկում է անցեալը» խորագիրը, որ տպաւորիչ եւ պատմական տուեալներով պատրաստուած էր. տեսերիզը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

Ապա Սեւան Կարապետեան-Ադամեան խոր ապրումով «Անի» երգը մեկնաբանեց (խօսք Գ. Բանդուրեանի եւ երաժշտութիւն Ալեքսէյ Հեքիմեանի)` սրինգի ընկերակցութեամբ Կարօ Աւաքճեանի:

IMG_0921Անկէ ետք հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Յակոբ Գառնէշեան, որ իր խօսքը սկսաւ այսպէս.
«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք:

«Ա. Աշխարհամարտի պայմանները օգտագործելով` թուրքը ուզեց իր դարերու երազը, համաթուրանականութիւնը իրականացնել: Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը կը կազմէին գլխաւոր արգելքը: Ուստի իր հրէշային ծրագիրը գործի լծեց:

«1915 թուականը յատկանշական է նաեւ մարդկութեան համար: Այդ աննախադէպ ոճիրը 1948-ին Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ ներկայացուեցաւ Genocide բառով, որ Արամ Անտոնեանի կողմէ թարգմանուեցաւ ցեղասպանութիւն եզրով»:

Յ. Գառնէշեան մատնանշեց իրերայաջորդ ջարդերը` 1895 համիտեան ջարդերը, 1909-ի Ատանայի կոտորածը, 1915-1923 եղեռնը: Ապա խօսեցաւ մեր յարութեան, մեր յաղթանակի խորհրդանիշը հանդիսացող 28 մայիս 1918-ի մասին, հասնելով Սեւրի դաշնագիր, որ մեզի կը խոստանար 160,000 քառ. քմ. Հայաստան մը, որ մեր գոյութեան կիզակէտը կը կազմէ: Ան աւելցուց, որ սպանդը շարունակուեցաւ Սումկայիթի, Պաքուի եւ Գանձակի մէջ, եւ վերջերս իր արիւնալի թաթերով հայաթափեց հայութեան վերջին ամրոցը Քեսապ աւանը:

Շարունակելով իր պատգամը` Գառնէշեան ըսաւ. «Եթէ թուրքը կը մնայ թուրք, ապա հայն ալ պէտք է մնայ հայ»: Հայ մօր դաստիարակութեամբ է, որ մենք ունեցանք Սողոմոն Թեհլիրեաններ:

Ան դիտել տուաւ, որ այսօր շատ ցաւալի երեւոյթ է հայ տուներուն մէջ թրքական ֆիլմաշարերու հետեւիլը, թրքական արտադրութիւններ սպառելը: Հայ մօր պարտականութիւնն է իր որդին կրթել իբրեւ հայ. «Դո՛ւք, սիրելի՛ մայրեր, պահանջատիրութեան եւ մանաւանդ ինքնութեան պահպանման ջահը վառ պիտի պահէք նորահաս սերունդներու մէջ: Ուրեմն հայ մօր դաստիարակութեամբ մենք պիտի հասնինք մեր երազին ամբողջական հայրենիքին, մեր Մասիսներուն»:

Ապա ներկանները յոտընկայս երգեցին Ն. Ռուսինեանի «Կիլիկիա»-ն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES