Քեսապ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Թուրքն է նորէն ելած որսի, այգիին մէջ հայոց ազգին:

Գիւղն այս խաղաղ, շէներով շէնշող, Կասիոս լերան փէշերուն ծաղկած, մշակներով արի, քրտինքով օծուն, հերկեցին հողը եւ ժայռեր յամառ, ափերուն սերմեր, վաղուան հացին համար: Դէպի ջաղացք նեղ էր ճամբան, ակռաներով քարեր ծամեց, վասն համին ջրաղացին, որ օրհնուի երգը հացին…

Յետոյ հնձան` ձէթ ու իւղի, ձիթաստաններն կու տան առատ, որ կշտանան մշակ, բանուոր:

Հերիսայի կաթսաներ տաք, Աստուածածնայ օրհնութեամբ, աղօթասաց շինականներ, մօտիկ գաւառներէն: Հալէպն հեռուէն հոն է արդէն, Լաթաքիային հետ թեւանցուկ:
Տարիները 100 եւ մոռցուած տնակները հողաշէն, դարձած են տուներ շքեղ:

Պանդոկներ են կառուցուած, «Բարի եկաք մեր Քեսապ»: Հրճուանքի մէջ են մեծով, փոքրով, ծերունիներ իմաստուն, դողդոջ քայլեր, բայց կանգուն, լերան նման Կասիոսի… Թուրքը թաքուն կը հսկէ, անցուդարձին այս յորդուն, ասկէրներ կը տրտնջան, դիտակ դրած աչքերուն…

Ի՜նչ ժողովուրդ է սա, որ չի գիտեր մեռնիլ: Որքան ջարդեցինք, հողին հաւասար, աւեր` տուն ու ժամ, բայց կրկին ոտքի են ելած: Այս ի՜նչ օրհնեալ ժողովուրդ, Ալլա՜հ…

Նախանձին թոյնը ծակեց սիրտը թուրքին: Էրտողան կոչուած ծնունդն այդ իժի, չմարսեց բնաւ մասունքն ազգի:

– Ջնջեցէք այդ ալ, կորչի՛ Կիլիկիան, չմնայ Քեսապ, յոյսը հայուն թող կորչի յաւէտ, մենք ենք տէրը այս հողին: Ապտակը զարկինք Կասիոսի մէկ երեսին, բայց ինչո՞ւ մնայ երեսն այս կողմի…

Աղէտ է դարձեալ 100 տարի ետք, մարդակերները ինչպէ՞ս մարդանան, կը մնան գազան, գիշատիչ ցեղ, «սեւ ու ճերմակ ոչխարի մորթով»:

Ճակատագիրը ճարճատեց կրկին կեանքը հայութեան: Վայնասուն, զուլում, փախուստ գիշերուան: Աշխարհի վե՞րջն է արդեօք… Հայուն ճակատին գրուած անարդար վճիռ: Բայց չենք կորսուիր: Հաւատացէ՛ք, հայե՛ր. «Խաչեալին մահ չկայ…

Մե՛րն է Քեսապը, որ պիտի ծաղկի Կասիոսի փէշին, յաւերժական երթով արի…

 

 

Share this Article
CATEGORIES