Կիրակնօրեայ Խօսքը. Տէրը Մի՛ Զրկէք Ձեր Զաւակներուն Ներկայութենէն…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, Ծաղկազարդ էր, «Յաղթական մուտքն է յԵրուսաղէմ»: Տօն Յիսուս Քրիստոսի տէրութեան, թագաւորութեան եւ հզօրութեան: Տօն խոնարհութեան ու հեզութեան: Տօն մանուկներուն եւ անմեղներուն:
Ասոնք են տօնական Աւետարանէն ընթերցումին բովանդակած խորհուրդները, որոնց ճշմարտութիւնները կ՛ուզէի բաժնել եւ խոկալ քեզի հետ: Ուստի, կը խնդրեմ, որ կարդաս առաջին աւետարանիչ Ս. Մատթէոսէն այս հատուածը (Մտթ. 21,1-17):
Այո՛, Յիսուս Քրիստոս «Տէրն» է ամէն բանի եւ ամէն մէկուն: Կ՛ընէ ու կը հրահանգէ, երբ, ինչ եւ ինչպէս որ կ՛ուզէ: Ստեղծիչն է տիեզերքին: Արարիչն է մարդուն: Իշխանն է պատմութեան: Ուղղիչն է ժամանակին:
Յիսուս Քրիստոսը կ՛ընդունի՞նք իբր մեր Տէրը, որ «անկարելիին Աստուածն է»:
Այո՛, Յիսուս Քրիստոս «Թագաւորն» է: Կը թոյլատրէ, որ երուսաղէմացիներն ընդունին Զինքն արքայավայել փառատրութեամբ` գիտնալով իսկ անոնց քանի մը օր ետք ընելիք դաւաճանութիւնը. «Թո՛ղ խաչուի, թո՛ղ խաչուի (Մրկ. 15,13-14): Խաչէ՛ զինք, խաչէ՛ զինք» (Ղկ. 23,21):
Խաչահանումին` Թագաւորը «փուշերով պսակ մը» ունէր «գլխուն վրայ», որ դարձաւ խորհրդանիշ թագն «արքայ»-ին` յաղթական «Զօրութեան աջ կողմը բազմած Մարդու Որդի» Յիսուս Քրիստոսի (Մտթ. 26,64):
Այո՛, Յիսուս Քրիստոս «Հզօրն» է: Մէկ կողմէ, կը խարազանէ վաշխառուները, կը ցրուէ դրամները, կը վանէ տաճարակապուտները, կը տապալէ ամբարտաւանները, կը զգետնէ հզօրներն ու կը ճամբէ հարուստները…
Միւս կողմէ, «Հզօրը» սքանչելիքներ կը գործէ, իր երկիւղածներուն բարեհաճ է, խոնարհները կը բարձրացնէ, քաղցածները կը յագեցնէ, իր ծառաներուն կ՛օգնէ եւ իր հաւատարիմները կը յիշէ:
Ան, դուն եւ ես ո՞ր խումբին կը պատկանինք… «Հզօրէն» մերժուածներո՞ւն, թէ՞ ընդունուածներուն… Հարցումը միշտ այժմէական է, քանի աղերս ունի Յաւերժին հետ:
Այո՛, Յիսուս Քրիստոս «Խոնարհն» է: Երուսաղէմ մտնող Թագաւորը «հեծած է իշուն վրայ», որ կը հասկցնէ մարդերուն, թէ միայն այսպէս կրնան ստանալ «խաղաղութիւնը» երկրին վրայ և ընդունիլ «փառքը» երկնքին մէջ:
Մենք ալ մարդ ենք… Պատրա՞ստ ենք բացուելու «Խոնարհին» եւ պարպուելու մեր ինքնահաւանութենէն… Յօժա՞ր ենք փռելու մեր հոգիները ինքզինքն «Ունայնացնողին» առջեւ, որ լիցքաւորուինք Անոր ներկայութեամբ:
Այո՛, Յիսուս Քրիստոս «Հեզն» է: «Ամբողջ քաղաքը» դղրդեցնողը «հեծած է իշու աւանակին վրայ» (Յվհ. 12,15), ոչ որպէսզի զարմացնէ «ժողովուրդի բազմութիւնը», այլ` որ զգաստացնէ մարդերն ու հրաւիրէ մեզ լսելու իր մեղմ ձայնը. «Սորվեցէ՛ք Ինծմէ, որ սրտով հեզ ու խոնարհ եմ, եւ պիտի գտնէք հանգիստը ձեր հոգիներուն» (Մտթ. 11,29):
Դուն եւ ես երբ հեզ ենք, չենք վախնար: Երբ հեզ ենք, կը սորվինք ու կը հասկնանք մեր Աստուածային Վարդապետը: Երբ հեզ ենք, կ՛անդորրանանք Տիրոջ մէջ:
Հասանք մանուկներուն և անմեղներուն, որոնց տօնախմբումն է Ծաղկազարդը: Ինչո՞ւ… Քանի Յիսուս կը սիրէ, կ՛օրհնէ եւ կը դրուատէ զանոնք. «Թոյլ տուէ՛ք, որ մանուկները գան Ինծի, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը» (Մրկ.10,14):
Որովհետեւ մանուկները, որոնք անմեղ եւ անվախ են, կ՛աղաղակէին. «Օրհնութի՜ւն Աստուծոյ Որդիին»: Այսպիսի համարձակութիւն սորվէի՜նք մանուկներէն, որոնց սրտերէն ու բերաններէն կ՛ելլեն միայն ճշմարտութիւններ, գովասանքներ. «Մանուկներու եւ կաթնկերներու բերնով օրհնութիւն պատրաստեցիր Քեզի» (Սղմ. 8,8):
Այս վերջին երեք սուրբգրային խօսքերուն լոյսին տակ խօսքս կ՛ուղղեմ հայ ծնողներուն, որոնք «անձկութեամբ» (Ղկ. 2,48) լեցուած են իրենց զաւակերուն ներկային եւ ապագային հանդէպ, բայց միաժամանակ անոնց վրայ համարեա նաեւ կորսնցուցած են իրենց ծնողական հեղինակութիւնը (Մտթ. 10, 21):
Ամէն կիրակի` եկեղեցի գացէ՛ք եւ միասին տարէ՛ք ձեր զաւակները. «Տունս աղօթքի տուն պիտի ըլլայ», կ՛ըսէ Տէրը (Ես. 56,7): Մի՛ ըսէք. «Մենք տունը կ՛աղօթենք…»: Դուք անգամ չէք համոզուած այս ձեր խօսքին… Աստուա՞ծ… Շա՛տ կը կասկածիմ:
Տան մէջ իրապէս աղօթողը կ՛երթայ եկեղեցի` հո՛ն ներկայ Աստուծոյ հետ խօսելու, Աստուծոյ լոյսը հայցելու, Աստուծմէ բովանդակութիւն ու յարատեւութիւն խնդրելու իր աղօթքին` իր տունին մէջ, եթէ հոն կը կատարէ զայն…
Հետեւաբար գացէ՛ք ու ձեր զաւակները տարէ՛ք Աստուծոյ տունը` եկեղեցին, եւ ձեզ հո՛ն սպասող Տէրը հրաշքներ պիտի գործէ ձեզի ու ձեր զաւակներուն համար. «Տաճարին մէջ կոյրեր ու կաղեր մօտեցան Յիսուսին, որ բժշկեց զանոնք»:
Շատ յստակ ու պարզ է Աստուծոյ հրահանգը.«Թոյլ տուէ՛ք, որ մանուկները գան Ինծի»: Ուրեմն, դուք, ծնողնե՜ր, ձեր գաղջութեան, ձեր հանգստաւէտութեան և ձեր քմահաճոյքին համար Տէրը մի՛ զրկէք ձեր զաւակներուն ներկայութենէն, ինչպէս նաեւ` ձեր պաշտամունքէն: Միաժամանակ չմոռնաք, որ Տէրը պէտք չունի ձեզի ու ձեր զաւակներուն, այլ անոնց հետ ու ձեզի համար դուք կարիքն ունիք Տիրոջ, որմէ եթէ «ամէն բան հաւատքով խնդրէք աղօթքին մէջ, պիտի ընդունիք» (Մտթ. 21,22):
Եզրակացնելով` եկեղեցի՛ գացէք ու տարէ՛ք ձեր զաւակները Տիրոջ, որպէսզի դուք երգէք եւ անոնք երգաբանեն Տէրը. «Օրհնութի՜ւն Աստուծոյ Որդիին: Օրհնեալ ըլլայ Ա՛ն, որ եկաւ Աստուծոյ անունով»:
Ամէն կիրակի դուք ձեր անձերն ու ձեր զաւակները յորդորեցէ՛ք սաղմոսերգու տեսանողին հետ. «Մենք երթա՛նք Տիրոջ տունը» (Սղմ. 121,1), որ կարենաք շնչել եւ ուրախանալ իբրեւ մարդ, իբրեւ հայ, իբրեւ քրիստոնեայ ու իբրեւ քաղաքացի:
Ամէն կիրակի, երբ Աստուծոյ տունին մէջ էք, Մարիամ Սիրամայրը, «Մայր Եկեղեցւոյ», ձեզի լսել կու տայ իր Որդիին հրաւէրը. «Ինծի եկէ՛ք, դուք բոլորդ, որ յոգնած էք ու կը հեծէք բեռին ծանրութեան տակ, եւ Ես պիտի հանգստացնեմ ձեզ» (Մտթ. 11,28):
Այնճար, 13 ապրիլ 2014

