Քրիստոսի Չարչարանաց, Խաչելութեան Եւ Թաղման Յիշատակի Նշում` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

1804taghoum1Երէկ` Աւագ ուրբաթ, 18 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ «հաւաքուած ենք եկեղեցւոյ մէջ Քրիստոսի թաղման կարգը կատարելու, որովհետեւ մենք ալ կը հաւատանք մեր հայրերու հաւատքին. մեր Տիրոջ` Քրիստոսի խաչին միջոցով համայն մարդկութեան դիմաց բացուեցաւ կեանքի նոր կարելիութիւն մը»: «Խաչով` ըստ Աւետարանի, Աստուած յարատեւ կեանք պարգեւեց մարդուն», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ այս հասկացողութեան օրինակը ան մարդկութեան պարզեց Քրիստոսի յարութեան դէպքին ընդմէջէն: Այս հաւատքն է, որ մենք կը փորձենք եկեղեցական ու ազգային հասկացողութեամբ վերստին արթնցնել մեր հոգիներուն մէջ, որպէսզի գիտակցինք, թէ մահէն անդին յաւիտենական կեանք կայ: «Թող որ խաչեալ եւ թաղեալ Փրկիչը իր յարութեամբ մեր մէջ յարուցէ նոր, տոկուն եւ ամուր հաւատք, որպէսզի մենք ամրանանք մեր քրիստոնէական հաւատքով եւ դառնանք պիտանի արարածներ Աստուծոյ կամքին համար», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը: Այնուհետեւ գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, հանդիսապետութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին եւ ժողովուրդին, հաւատացեալներու թափօրը շրջեցաւ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES