Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Երիտասարդական Կեդրոնի Անդամները Այցելեցին Ծերանոց
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող Պուրճ Համուտի երիտասարդական կեդրոնի` «Եութ լիտըրշիփ սենթըր»-ի անդամները, որոնք կը յաճախեն Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարաններ, ինչպէս նաեւ կեդրոնի նախկին անդամներ Վիքի Թորոսեան եւ Նանօր Կոտալազեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նելլի Վէքիլեանի ընկերակցութեամբ, այցելեցին Հայ ազգային ծերանոց:
Ս. Զատկուան առիթով տրուած եւ սովորութեան վերածուած այս այցելութիւնը կը միտի տօնական օրերու մթնոլորտը փոխանցել հայ մամիկներուն եւ պապիկներուն:
Ծերանոցին մէջ ստեղծուեցաւ ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտ. այցելու տղաքն ու աղջիկները ասմունքեցին, նուագեցին ու երգեցին` ծերունիներուն մասնակցութեամբ:
Այս այցելութեամբ գոհունակ մամիկներն ու պապիկները երիտասարդներուն մաղթեցին առողջութիւն, երկար կեանք ու յաջողութիւն, ինչպէս նաեւ յայտնեցին, որ հպարտ, գոհ ու ուրախ են, որովհետեւ երիտասարդները յիշեցին զիրենք այս տօնական առիթով:
Այցելութեան աւարտին կեդրոնի անդամները Զատկուան տօնին յարմար փոքրիկ տուփիկներ նուիրեցին ծերերուն` անոնց մաղթելով առողջութիւն եւ յարատեւութիւն: Երիտասարդները նաեւ ջերմօրէն շնորհաւորեցին բոլորին Ս. Զատիկը:

