Առաւել Կեանք` Վասն Փառացն Աստուծոյ Եւ Ի Շինութիւն Ազգիս Հայոց
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.
մահուամբ զմահ կոխեաց
եւ յարութեամբն իւրով,
մեզ զկեանս պարգեւեաց:
Անկասկած, տարուան այս եղանակին, յարութեան հրաշալիքին ընդմէջէն կը ջանանք նոր ջերմեռանդութեամբ նայիլ կեանքին, որպէսզի մեր դիմաց ալ բացուին դէպի առաւել կեանք ու յաւիտենականութիւն տանող ճամբաները:
Վստահաբար կը գիտակցինք, որ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի յարութեան տօնին առիթով, Աստուած դարձեալ կու գայ մեզի ցոյց տալու գերեզմանէն անդին` կեանք տեսնելու փորձառութիւնը, որ վստահաբար այս աշխարհի սահմանաւոր վիճակներէն վեր եւ հեռու հասկացողութիւն է, այլ սակայն Աստուծոյ համար կարելի:
Առաւել կեանքի փորձառութիւնը միայն Աւետարանի էջերուն մէջ արձանագրուած յիշողութիւն չէ, այլեւ անցնող հազարամեակներուն, հաւատքով ապրուած իրողութիւն, որուն գեղեցկագոյն օրինակը` իբրեւ երաշխիք մեր հաւաքական ամրութեան ու յարատեւութեան, մեզի կտակած են մեր նախնիները:
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, հարկ է անհատապէս եւ հաւաքաբար, բարձրագոյն գիտակցութեամբ ականջ տալ աւետարանական ճշմարտութիւններուն` քաջ գիտնալով, որ առաւել կեանքը պայմանաւորուած է քրիստոնէական հաւատքին նկատմամբ մեր ունեցած ըմբռնումով, կեցուածքով ու հաւատարմութեամբ:
Եւ որպէսզի մեր ալ կեանքը ըլլայ մահուան վրայ տարուած յաղթանակ ու դէպի առաւել կեանք եւ յաւիտենականութիւն տանող ճանապարհ, մեր սրտերուն մէջ պէտք է վերարծարծենք յարութեան յոյսը, որպէսզի անով կարենանք վերստին կենդանանալ եւ աննահանջ ընթացքով ու յստակատեսութեամբ ապրիլ մեր հայրերուն կողմէ մեզի կտակուած հաւատքի կեանքը:
Մատթէոսի Աւետարանի 7-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի կողմէ թելադրուած հետեւեալ մտածումները.
«… Ով որ իմ այս խօսքերս կը լսէ եւ կը գործադրէ զանոնք, պիտի նմանի այն իմաստուն մարդուն, որ իր տունը ժայռի վրայ կը շինէ: Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն, եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռի վրայ հաստատուած է:
«Իսկ ով որ իմ այս խօսքերս կը լսէ, բայց չի գործադրեր զանոնք, պիտի նմանի այն յիմար մարդուն, որ իր տունը աւազի վրայ կը շինէ: Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, եւ տունը կը կործանի: Եւ ի՜նչ ահաւոր կ՛ըլլայ այդ տան կործանումը»:
Անցնող բոլոր դարերուն, վերոյիշեալ աւետարանական պատգամին ականջ տալով, մեր ժողովուրդը ջանաց իր կեանքը ամրացնել հոգեւոր տոկուն արժէքներով եւ անոնցմով պահել իր ինքնուրոյն դիմագիծը, պաշտպանել իր հաւատքը եւ իր հոգին սնուցանել իր սեփական բարքերովն ու մշակութային ստեղծագործութիւններով:
Այսօր, մենք ի՞նչ բանի վրայ խարսխած ենք մեր կեանքը:
Մենք, որ Աստուծոյ ամենատես աչքին դիմաց պարտականութիւնը ունինք պատասխանատու կերպով վարուելու մեր անձերուն հետ եւ սեփական մեր կեանքի կողքին, ազգի ու եկեղեցւոյ կեանքի ընդարձակ բնագաւառներուն մէջ, պատասխանատուութիւնը ունինք նաեւ գիտակցօրէն ու հարազատութեամբ պահելու մեր հաւաքական ինքնութիւնը, ի՞նչ տեսակ ամրութեանց ապաւինած ենք եւ ինչպիսի՞ հաւատքով կը պաշտպանենք մեր քրիստոնէական դիմագիծը եւ ի՞նչ տեսակի յոյսով կը նայինք ապագային:
Ահաւասիկ, ապրիլ ամիսը մեզ դէմ յանդիման կը դնէ մեր նահատակներու կտակին հետ: Մեզմէ քանինե՞ր կապուած կը մնան անոնց կեանքի օրինակին. քանինե՞ր կապուած են մեր հայրերու հաւատքին, մեր հաւաքական տենչերուն ու տեսիլքներուն: Արդի աշխարհէն ներս, ի՞նչ տեսակի համոզումներով կը ջանանք պաշտպանել մեր լինելութիւնը եւ ի՞նչ սկզբունքներով կը դիմադրենք մեր ընկերութեան մէջ հետզհետէ արմատաւորուող այն օտարոտի հոսանքներուն, որոնք կը սպառնան մեզ դատարկել հայկական հոգիէ ու հեռացնել հայութեան նկատմամբ մեր ունեցած համոզումներէն ու գիտակցութենէն:
Ահաւասիկ, նոր վտանգներու, նորանոր դժուարութիւններու ու տագնապներու բովէն կ՛անցնին յատկապէս Միջին Արեւելքի մԷջ կայք հաստատած մեր ժողովուրդի զաւակները եւ ինչպէս գիտէք, աւետարանական բացատրութեամբ, անձրեւները նոր սաստկութեամբ կը հարուածեն մեր հաւաքականութիւնը եւ կեանքի հոսանուտը, տեսակ-տեսակ ապականող ու այլասերող ալիքներով, նոր սաստկութեամբ դարձեալ կը փորձէ սասանել մեր տան ամրութիւնը:
Առանց ժայռանման հաւատքի, մնայուն շէնք չի կառուցուիր կը պատգամէ մեզի մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս:
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, թող աւետարանական այս ճշմարտութիւնը հեղ մը եւս արձագանգէ մեր հոգիներուն մէջ, որպէսզի գիտակցինք, որ այդ ճշմարտութեամբ պայմանաւորուած են նաեւ մեր գոյութիւնն ու ամրութիւնը:
Այո՛, դժուար եւ անստոյգ օրերու մէջ կ՛ապրինք, այլ սակայն, ահաւասիկ, Զատկական տօնին առիթով, Աստուած դարձեալ կու գայ մեզի ցոյց տալու այն ճշմարիտ եւ տեւող կեանքի ճանապարհը, զոր անցնող հազարամեակներուն, մեր հայրերը ապրեցան հաւատարմութեամբ, ջերմեռանդ նուիրումով եւ նահատակութեամբ:
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կը մաղթեմ, որ նոր խանդավառութեամբ կրկին փառինք մեր հայրերու հաւատքին ու յոյսին, փառինք անոնց կեանքի օրինակին, որպէսզի Աստուած մեր մէջ առաւել եւս զօրացնէ մեր հոգեւոր ու ազգային ամրութիւնը, եւ մենք արժանի ըլլանք առաւել կեանքի հրաշքին:
Զատկական բարեբաստիկ տօնական այս առիթով, կ՛աղօթեմ, որ անստուգութիւնն ու դժուարութիւնները ընդմիշտ վերանան մեր համայնքի կեանքէն ու հայութեան անդաստանէն եւ մենք արժանի ըլլանք հոգեւոր ուրախութեամբ ու ազգային շունչով ու բերկրանքով, դարձեալ դիմաւորելու Յարուցեալը, վասն փառացն Աստուծոյ եւ ի շինութիւն ազգիս հայոց:
Սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

