ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոս Խաչո՛վ Կերտեց Յարութիւնը

His-Holiness-Aram-I-Հայ եկեղեցւոյ շարականը հետեւեալ ամփոփ, սակայն խորիմաստ բառերով կը բնութագրէ Քրիստոսի յարութիւնը` «մահուամբ մահուան յաղթեց»:

Մահկանացու մարդուն համար մահով մահուան յաղթելը բանականութեան ու երեւակայութեան սահմանները անդրանցնող երեւոյթ մըն է: Հո՛ս կը կայանայ խորհուրդը Աստուծոյ Որդւոյն յարութեան ու պատգամը` համայն մարդկութեան:

Ինչո՞ւ Աստուծոյ Որդին մարդկային պատմութեան մէկ հանգրուանին երկիր իջաւ եւ մարդկային բնութիւնը իւրացուց: Քրիստոնեայ մարդուն համար այս հարցումին պատասխանը յստակ է` մարդու փրկութեան համար: Արդ, Քրիստոսի մարդեղութիւնը պարագայական դէպք մը չէր. անիկա որոշակի նպատակ ունէր:
Արդարեւ, Աստուծոյ երկրաւոր զաւակը հեռացած էր իր Երկնաւոր Հօրմէն. իր աստուածատուր կոչումը հաւատարմօրէն իրագործելու կոչուած մարդը մեղանչած էր: Իր անառակ կեանքով, մեղաւոր վարքագծով ու անձնակեդրոն նպատակով մարդը կը գտնուէր մահուան անդունդին մէջ:

Ահա թէ ինչու Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը հրամայական անհրաժեշտութիւն դարձած էր: Աստուած սիրող ու ներող հայր էր. չէր կրնար անտարբեր մնալ մարդու անկեալ վիճակին նկատմամբ: Աւետարանիչը կ՛ըսէ, թէ Աստուած այնքան սիրեց իր ստեղծած արարածը, որ նո՛յնիսկ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ մարդու փրկութեան համար (Յովհ. 3. 16):

Մարդուն նկատմամբ իր ունեցած անհուն սիրոյ մղումով աշխարհ եկած Աստուծոյ Որդին սիրոյ նոյն մղումով կատարեց իր փրկագործական առաքելութիւնը` Բեթղեհէմէն մինչեւ յարութիւն: Քրիստոս սէր քարոզեց. եւ աւելի՛ն` սիրով մղուած աղքատին հետ եղաւ, հիւանդը բժշկեց, մեռեալին կեանք տուաւ: Քրիստոս իր կեանքով ցոյց տուաւ մարդուն աստուածատուր կեանքը Աստուծոյ ներկայութեամբ ճշմարտօրէն ապրելու ու դէպի Աստուած դառնալու եւ դէպի փրկութիւն ու յաւիտենական կեանք քալելու վաւերական ճամբան:

Յարութեան, այլ խօսքով` փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի ճամբան, խաչի՛ ճամբան է:

Խաչը իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն մնայուն ու տիրական ներկայութիւն եղաւ Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան մէջ: Քրիստոս Գողգոթան ապրեցաւ Գողգոթայէն առաջ: Ան կեանքի տառապանքը խաչո՛վ նուաճեց. իր դէմ եղած հալածանքները խաչո՛վ դիմագրաւեց. իսկ մահուան իր կամաւոր ինքնընծայումով յաղթեց:

Խաչը սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւնն է: Ճշմարիտ սէրը սոսկ զգացական ու վաղանցուկ երեւոյթ մը չէ, աննպատակ հոգեվիճակ մը չէ: Սէրը սրբազան նպատակի մը համար տառապիլ, պայքարիլ ու նո՛յնիսկ ինքզինք տալ է: Եկեղեցւոյ մէջ ամէն օր երգուող «Սուրբ Աստուած» շարականը կը յիշեցնէ մեզի, թէ Քրիստոս մարդո՛ւն համար ծնաւ, մարդո՛ւն համար խաչուեցաւ ու մարդո՛ւն համար յարութիւն առաւ:

Քրիստոնէութեան հզօրութեան աղբիւրը ու յաւերժութեան երաշխիքը Քրիստոսի յարութիւնն է. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ` զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա. Կորնթ. 15. 14): Չկայ յարութիւն առանց Գողգոթայի, չկայ սէր առանց խաչի: Յարութիւն ու Գողգոթա քրիստոնէական մտածողութեան, կեանքին ու վկայութեան մէջ միշտ եղած են առնչակից` դառնալով զիրար ամբողջացնող երկու հիմքերը քրիստոնէական հաւատքին ու առաքելութեան:

Արդ, մահով նուաճուած Քրիստոսի յարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ դառնալու խաչին, անոր ուժին, խորհուրդին ու պատգամին: Խաչով կերտուած Քրիստոսի յարութիւնը մեզ կը զինէ հաւատքով ու յոյսով` չվհատելու կեանքի դժուարութիւններէն, չընկճուելու մեզ շրջապատող մտահոգութիւններէն, հեռու մնալու յուսալքումի գերին դառնալու հոգեվիճակներէ ու փարելու Քրիստոսի յարութեամբ մեզի պարգեւուած յաւիտենական կեանքին:

Ահա պատգամը Քրիստոսի թափուր գերեզմանին:
Ահա քրիստոնեայ մարդուն կեանքին առջեւ բացուած ճշմարիտ ճամբան:

*
*   *

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եղած է տառապալից: Շատ քիչ առիթներով միայն խաղաղութեան ծիածանը կամար է կապած հայ կեանքի երկնակամարին վերեւ: Սակայն մեր ժողովուրդը իր հաւատքին զօրութեամբ յաղթահարած է ամէն տեսակ փորձանք ու չարիք: Հայ ժողովուրդը Առաքեալին խօսքը դարձուցած է իր կեանքին նշանաբանը` «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռոմ. 8. 31): Աստուած մեզի հետ եղած է մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերուն, մեր կեանքի ամէնէն ողբերգական պայմաններուն: Պատմութեան ամէնէն ահաւոր ողբերգութիւնները ճաշակած հայութեան ու հայրենիքին գոյութիւնը այսօր փաստօրէն հրաշքի համազօր երեւոյթ է:

Վերջին երեք տարիներուն հայ ժողովուրդի մարմնին վրայ կոտտացող նոր վէրք մը դրաւ Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապը: Իսկ վերջերս Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութիւնը աւելի խորացուց վէրքը հայութեան: Այս տագնապին դիմաց մենք երբեք պիտի չընկճուինք ու չյուսահատինք: Հայութիւնը քաջութիւնն ու համբերութիւնը ունի, միշտ ունեցած է, իր ցաւը բժշկելու, իր վէրքը դարմանելու ու քանդումը վերականգնումի կամքով ու մահը` կեանքով յաղթահարելու:

Հայութիւնը մէկ ամբողջութիւն է: Հայութեան մէկ մասին ցաւը ամբո՛ղջ հայութեան ցաւն է: Այս խոր գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը կոչուած է վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակելու իր անվերապահ ու ամբողջական աջակցութիւնը սուրիահայութեան: Չենք կրնար սոսկ պատահական մօտեցումներով ու զգացական արտայայտութիւններով մասնակից դառնալ սուրիահայութեան վերականգնումին: Անհրաժեշտ է զօրաշարժի ենթարկել մեր կարելիութիւնները: Սուրիոյ պատմական գաղութին վերականգնումը հրամայական ու համահայկական առաջնահերթութիւն է:

Եկէ՛ք, սիրելի՛ հայորդիներ, Քրիստոսի յարութեան հաւատքով ու յոյսով օծուն այս օրերուն աղօթքի ու զօրակցութեան ճամբով յիշենք Սուրիոյ մեր սիրելի գաղութը:

*
*   *

Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ նորին վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանը` մաղթելով արդիւնաշատ գործունէութիւն` ի սպաս մեր սիրելի հայրենիքին ու հայրենի ժողովուրդին:

Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալները` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը` եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը իրենց մաղթելով երկար գահակալութիւն եւ եկեղեցաշէն ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ:

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդը: Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ յարուցեալ Փրկիչին յաղթանակով զօրացած ապրին իրենց կեանքը մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակները:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Սուրբ Զատիկ
20 ապրիլ, 2014
Անթիլիաս, Լիբանան

Share this Article
CATEGORIES