Իրան. Կին Մը Ներման Կ՛արժանացնէ Իր Զաւակը Սպաննած Անձը
Իրանի Մազանտարան նահանգին մէջ մահապատիժի դատապարտուած անձ մը վերջին վայրկեանին փրկուած է պատիժէն` իր սպաննած անձին մօր կողմէ ներման արժանանալով:
Մահապատիժի դատապարտուած անձը 7 տարի առաջ դանակահարելով սպաննած է 18 տարեկան Ապտուլլահ Հուսէյնզատէն:
Սպաննուածին մայրը իր տղուն մարդասպանին ներած է եւ մահապատիժի գործողութենէն առաջ զայն պատժած է միայն մէկ ապտակով:
CATEGORIES Միջազգային

