Փութին Եւ Էրտողան Քննարկած Են Խրիմի Թաթարներու Հարցը

1804Putin-ErdoganԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կարծիքներ փոխանակած են Խրիմի` Ռուսիոյ դաշնակցութեան միանալու հարցին վերաբերեալ: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ:

Մամլոյ ծառայութենէն նշած են, որ տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում ռուս-թրքական համագործակցութեան արդի հարցերուն, ներառեալ` ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ:

Քննարկուած են նաեւ որոշ հարցեր, որոնք կապուած են Խրիմի` Ռուսիոյ միանալու հարցին հետ, ներառեալ` Խրիմի թաթար համայնքին վերաբերող հարցեր: Ռուսիոյ նախագահը իր գնահատականը տուած է Ուքրանիոյ ճգնաժամային իրավիճակին:

Փութինի եւ Էրտողանի նախորդ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած էր 4 մարտին: Օրին կողմերը քննարկած էին Ուքրանիոյ տագնապը, ներառեալ` զարգացող իրադարձութիւնները Խրիմի մէջ, որ այն ժամանակ տակաւին Ուքրանիոյ կազմին մէջ էր:

Share this Article
CATEGORIES