Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ իր այցելուներուն եւ մօտիկներուն հետ հանդիպումին ընթացքին կը նշէ, թէ երկրին մէջ տիրող պայմանները կ՛արտօնեն, որ ինք դառնայ հանրապետութեան համախոհական նախագահ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրները հերքեցին շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Պէյրութ` մասնակցելու համար չորեքշաբթի, 23 ապրիլ 2014-ին գումարուելիք նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի լիագումարին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը կը փորձէ համոզել Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը` որդեգրելու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութիւնը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ կարող է Մարտ 14-ի եւ այլ քաղաքական ուժերը ներկայացնել` իբրեւ հանրապետութեան նախագահ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի ջանան մէկ թեկնածուով ներկայանալ նախագահական ընտրութիւններուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ստիպուած չէ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը յայտարարելու, ինչպէս կատարած են ուրիշներ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա սկսած է որոշ աշխատանքի` դիւրացնելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կայացումը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը անկարելի պիտի ըլլար, եթէ շրջանային առումով նոր տարազներ չհաստատուէին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կրնան քայքայուիլ անոր առաջադրած թեկնածութեան պատճառով:
ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նախագահական թեկնածու չէ 23 ապրիլին տեղի ունենալիք լիագումար նիստին ընթացքին: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ֆրենժիէ իր թեկնածութիւնը պիտի չօգտագործէ իբրեւ խուսանաւումի խաղաքարտ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ չորեքշաբթի, 23 ապրիլ 2014-ի նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին մասին Հըզպալլայի կեցուածքը ուղղակիօրէն առնչուած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանանին իշխող ներկայ կառավարութիւնը փոխանցման կառավարութիւն է եւ անոր նպատակն է փրկել Լիբանանը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ եւ շնորհաւորեց զայն անոր թեկնածութեան յայտարարութեան եւ նախագահական ընտրութեան նպատակով անոր պատրաստած «Հզօր հանրապետութիւնը» ծրագիրի նախագիծին առիթով:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ժըպրան Արայժի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նախագահ ընտրութիւնը կարիքը ունի քաղաքացիական նոր պատերազմի մը եւ իսրայէլեան նոր ներխուժումի մը:

 

Share this Article
CATEGORIES