Թայլանտի Մէջ. Հըզպալլա Մտադիր Էր Իսրայէլացի Զբօսաշրջիկներ Թիրախ Դարձնել

Թայլանտական «Պենկքոք փոսթ» օրաթերթին համաձայն, Թայլանտի մէջ երկրին իշխանութիւնները ձախողեցուցած են ահաբեկչական արարք մը, որ պիտի գործուէր Հըզպալլայի կողմէ` իսրայէլացի զբօսաշրջիկներու դէմ:

Ահաբեկչական ծրագիրին մանրամասնութիւնները Թայլանտի ոստիկանութիւնը իմացած է ձերբակալուած երկու կասկածելիներու` Տաուտ Ֆարհաթի եւ Եուսեֆ Այեատի կողմէ:

Թայլանտի ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ կայ նաեւ Հըզպալլայի երրորդ անդամ մը, որ կը հետապնդուի իրենց կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES