Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին Մէջ. Նախագահ Սլէյման Մասնակցեցաւ Յիսուսի Թաղման Կարգի Արարողութեան

Արարողութենէն պահ մը

Արարողութենէն պահ մը

անրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ մասնակցեցաւ Յիսուսի թաղման կարգի արարողութեան, որուն նախագահեց Մարոնի միաբանութեան մեծաւոր հայր Թաննուս Նաամէ:

Թաղման կարգի արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, նախարարներ, երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Իր արտասանած քարոզին մէջ հայր Թաննուս Նաամէ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի` Լիբանանին եւ քաղաքացիներուն մատուցած բոլոր բարիքներուն, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովութեան ի խնդիր անոր ի գործ դրած բոլոր ջանքերուն համար:

Հայր Նաամէ շեշտեց, որ յուսալքումէ ձերբազատելու համար անհրաժեշտ է կառչած մնալ բարիքին եւ բարեկարգումին, որոնք կը մարմնաւորեն կեանքն ու յարութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES