Պըրրի. «Մարտ 8-ի Քաղաքական Ուժերուն Մէջ Կայ Մէկ Նախագահական Թեկնածու` Զօր. Աունը»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք թէեւ խորհրդարանը հրաւիրած է նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 23 ապրիլ 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, սակայն նախագահական ընտրութիւն կատարելու մթնոլորտը տակաւին գոյութիւն չունի:
Պըրրի շեշտեց, որ նախքան խորհրդարանի լիագումար նիստը, ինք Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը պիտի հրաւիրէ նիստի մը` որոշելու համար իրենց թեկնածուն:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մէջ կայ մէկ նախագահական թեկնածու, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է, մինչդեռ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ունին նախագահական քանի մը թեկնածուներ:
Պըրրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան լիագումարին համար անհրաժեշտ է խորհրդարանի երեսփոխաններուն երկու երրորդին քուէարկութիւնը:
Իր կարգին, զօր. Աուն նոյն օրաթերթին յայտնեց, որ ինք համախոհական թեկնածու է եւ միայն իբրեւ այդպիսին կը յայտարարէ իր թեկնածութիւնը եւ կամ չի յայտարարեր:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի խորհրդական Ուեհպէ Քաթիշա շեշտեց, որ եթէ զօր. Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, ապա ան պիտի ըլլայ իրենց նախագահը, նոյնիսկ եթէ իրենք կը քննադատեն անոր քաղաքական գործունէութիւնը:
Նշենք նաեւ, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին նախագահական ընտրութեան այնպիսի թեկնածու մը, որ կը զօրակցի Դիմադրութեան եւ կը պաշտպանէ զայն, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ լիբանանեան միասնականութեան:
Ռաատ յայտնեց, որ ազգային առումով Դիմադրութեան ուղեգիծէն հեռանալու որոշումը համազօր է երկրին ազգային գերիշխանութեան սպառնացող որոշումի մը:

