ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը Եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը Պիտի Կազմակերպեն Ջահերով Աւանդական Երթ

22478369ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպած են ջահերով աւանդական երթ, որ տեղի պիտի ունենայ 23 ապրիլ 2014-ին, ժամը 19:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):

Երթին մասնակիցները նաեւ նամակ պիտի յանձնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին` պահանջելով վերցնել Հայաստանի Հանրապետութեան ստորագրութիւնը 2009 թուականի Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններէն` իբրեւ յարգանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, համայն հայութեան պահանջատիրական պայքարի շարունակականութեան, արդարութեան վերականգնման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման եւ ամբողջական փոխադարձ հատուցման աննկուն պայքարին:

«Բոլոր ուսանողական, երիտասարդական կազմակերպութիւնները կը հրաւիրենք մասնակցելու մեր այս նախաձեռնութեան: Սիրելի՛ երիտասարդներ, 24 ապրիլի նախօրեակին ապացուցենք մեր միասնութիւնը եւ մեր անժամանցելի իրաւունքներուն տէր դառնալու վճռական կամքը», նշուած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES